Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բողոքի Ցոյց` Ի Պաշտպանութիւն Հայաստանի Քաղաքական Բանտարկեալներուն Եւ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներուն

Հոկտեմբեր 30, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կարելի չէ լռել Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող գործընթացներուն վերաբերեալ, այլապէս այդ լռութեան գինը երկրին մէջ քաղաքական բանտարկեալներու թիւին աւելնալը պիտի ըլլայ: Այս նպատակով երէկ` 29 հոկտեմբերին Ազգային ժողովին մօտ տեղի ունեցաւ բողոքի ցոյց` ի պաշտպանութիւն Հայաստանի քաղաքական բանտարկեալներու եւ Պաքուի մէջ պատանդառուած հայ գերիներու:

Ցոյցին կը մասնակցէին ՀՀԿ-ի, ՀՅԴ-ի  երիտասարդական եւ ուսանողական կառոյցներու, այլ քաղաքական ուժերու,  հասարակական միաւորումներու երիտասարդներ:

Ազգային ժողովին մէջ այդ պահուն կ՛ընթանար Եւրոնեսթի խորհրդարանական վեհաժողովի լիագումար նիստը, եւ ցոյցին մասնակիցները փորձեցին իրենց ձայնը լսելի դարձնել եւրոպացի խորհրդարանականներուն համար:

«Մեր կոչն է միջազգային հանրութեան, որ երկակի չափանիշեր չկիրարկէ եւ յստակ պատժամիջոցներ կիրարկէ իշխանական այն ներկայացուցիչներուն նկատմամբ, որոնք կ՛ուղղորդեն դատական համակարգը «Էս. Էմ. Էս.» հաղորդագրութիւններով եւ Ազգային ժողովի այն դահլիճին մէջ, ուր դուք հիմա կը գտնուիք: Այդ մարդը ամիսներ առաջ ըսած է, որ ընդդիմախօսներուն տեղը Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան նկուղներուն մէջ է: Դուք պէտք է հասկնաք, որ չէք կրնար պաշտպանել իշխանութիւն մը, որ ամէն օր կը գործէ օրէնքէն դուրս», ցոյցին ժամանակ յայտարարեց «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գառնիկ Դանիէլեան` դիմելով եւրոպացի խորհրդարանականներուն:

«Մենք կը տեսնենք Պաքուի մէջ պահուող մեր ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան եւ այլ գերեվարուած անձերու խոշտանգումներ եւ կը տեսնենք ձեր լռութիւնը, որ անթոյլատրելի է: Միջազգային հանրութիւնը յստակ գնահատականներ պէտք է տայ, դուք անոր համար էք, որպէսզի պաշտպանէք Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութիւնը, ոչ թէ Նիկոլ Փաշինեանը», նշեց Դանիէլեան:

Ցոյցին կը մասնակցէին նաեւ ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան երիտասարդները:

ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան վարչութեան ատենապետ Միրօ Սարգսեան անգլերէն ելոյթով դիմեց եւրոպացի խորհրդարանականներուն. «Եւրոնեսթի խորհրդարանական վեհաժողովի յարգարժան պատուիրակներ, այսօր դուք հաւաքուած էք այստեղ` քննարկելու Արեւելեան գործընկերութեան շրջանին եւ անկէ դուրս վերաբերող կարեւորագոյն հարցեր: Այս բողոքի ցոյցին միջոցով մենք ցանկանք ձեր ուշադրութիւնը հրաւիրել քանի մը հրատապ` թէ՛ ներքին, թէ՛ արտաքին հարցերու վրայ:

«Եւրոպական Միութիւնը չի կրնար հանդուրժել ցեղային զտումները, հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը, պատանդներու խոշտանգումները, արցախցիներու վերադարձի իրաւունքի մերժումը, Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքի բռնագրաւումը, մարդու իրաւունքներու զանգուածային խախտումները եւ այլ յանցագործութիւններ, որոնք կատարուած են Ազրպէյճանի` իբրեւ շրջանին մէջ Արեւելեան գործընկերութեան անդամ  երկրի կողմէ:

«Եւրոպական Միութեան գործադիր մարմինները` հիմնականին մէջ Եւրոպական յանձնաժողովը եւ Եւրոպական խորհուրդը, պէտք է ձեռնարկեն անհրաժեշտ քայլեր` իրենց գործողութիւններն ու քաղաքականութիւնը համապատասխանեցնելու Եւրոպական խորհրդարանին կողմէ ընդունուած բանաձեւերուն: Եւրոպական արժէքները չեն կրնար տեղի տալ նաւթով հարուստ բռնատիրութիւններու տնտեսական շահերուն:

«Պատմութիւնը, յատկապէս վերջին շրջանին, ապացուցած է, որ անպատժելիութիւնը կը յանգեցնէ յատկապէս մարդկութեան դէմ նոր յանցագործութիւններու:

«Յարգելի՛ պատուիրակներ, մենք նաեւ կոչ կ՛ուղղենք  ուշադրութիւն դարձնելու Հայաստանի ներքին զարգացումներուն, մասնաւորապէս` օրէնքի գերակայութեան խնդիրին, քաղաքական ազատ կամարտայայտման նկատմամբ յարգանքին ու  դատական համակարգի անկախութեան: Քաղաքական հետապնդումները, քաղաքական բանտարկեալներու գոյութիւնը, ինչպէս նաեւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ վրայ յարձակումները չեն կրնար ընդունելի ըլլալ ձեր կողմէ:

«Այսօր Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան պատրանք է: Քաղաքական բանտարկեալներու այս պաստառները, որ կը տեսնէք, այդ պատրանքի կենդանի ապացոյցն են»:

ՀՅԴ  Նիկոլ Աղբալեան ուսանողական միութեան անդամ Լիլիթ Գէորգեան լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին նշեց, որ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ընդհանրապէս չկայ ժողովրդավարութիւն եւ խօսքի ազատութիւն:

Նախորդը

Միացեալ Նահանգներ Մինչեւ Տարեվերջ Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Հետ Առաջին Աշխատանքային Խումբերը Պիտի Ստեղծեն

Յաջորդը

Ակնարկ. Լիբանանը` Երրորդ Օրակարգ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Լիբանանը` Երրորդ Օրակարգ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Լիբանանը` Երրորդ Օրակարգ

Հոկտեմբեր 30, 2025
Ուաշինկթըն. «Հըզպալլայի Հետ Ուղղակի Հաղորդակցութիւն Չունինք, Սակայն Շրջանին Մէջ Ունինք Գործընկերներ, Որոնք Կուսակցութեան Հետ Կը Խօսին»
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներ Մինչեւ Տարեվերջ Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Հետ Առաջին Աշխատանքային Խումբերը Պիտի Ստեղծեն

Հոկտեմբեր 30, 2025
Շարունակենք Լռել
Հայկական

Թրամփ Դարձեալ Խօսած Է Փաշինեան-Ալիեւ Հանդիպումի Մասին

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?