Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յայտարարութիւն ՀՅԴ Եւրոպայի Մարմիններու Ռայոնական Ժողովի

Յուլիս 11, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հ.Յ.Դաշնակցութեան Բիւրոյի հրաւէրով, 8 եւ 9 Յուլիս 2023-ին, Աթէնքի մէջ գումարուեցաւ Եւրոպայի ՀՅԴ Մարմիններու Ռայոնական ժողովը, մասնակցութեամբ եւրոպական տարածքին վրայ գտնուող հայագաղութներուն մէջ գործող կուսակցական մարմիններու ներկայացուցիչներուն։

• Ժողովը լսեց ՀՅԴ Բիւրոյի ու շրջաններու տեղեկագրերը եւ հանգամանօրէն քննեց հայրենի, համահայկական եւ տարածաշրջանային հարցերուն մասին զեկուցումներն ու դիմագրաւած մարտահրաւէրները։

• Քննեց շրջաններու կազմակերպական կեանքը, լուսարձակի տակ առնելով Եւրոպայի համայնքային կեանքի իրավիճակն ու հեռանկարները, գաղութներու հզօրացման անհրաժեշտութիւնը, մերժելով նաեւ ամէն տեսակի պառակտիչ քայլերը՝ ջլատելու սփիւռքի ուժականութիւնը։

• Ժողովը քննարկեց Հայաստանի իշխանութիւններու վարած քաղաքականութիւնը Արցախի հիմնահարցի գծով ու մերժելի նկատեց որեւէ փորձ Արցախի ամբողջականութեան ու ինքնորոշման իրաւունքի ոտնահարման ուղղութեամբ։

• Ժողովը քննարկման լայն առարկայ դարձուց Արցախի հիմնահարցը եւ ներկայ իրավիճակը, մասնաւորապէս քննելով եւրոպական երկիրներու եւ համեւրոպական մակարդակի վրայ Հայաստանի ու Արցախի հարցերուն կապակցութեամբ եւրոպահայութեան համախմբման ծրագիրներու ծաւալումը յառաջիկայ ամիսներուն։

• Քննութեան նիւթ դարձաւ Եւրոպայի երկիրներու մօտեցումը Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի նկատմամբ, ինչպէս նաեւ՝ թուրքազերիական ծաւալած հակահայ գործունէութիւնը եւրոպական երկիրներուն եւ կառոյցներուն մօտ։

• Հայ դատի հետապնդման ծիրէն ներս, ժողովը լսեց զեկուցումներ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի ու շրջաններուն մէջ Հայ դատի աշխատանքներու գործունէութեան առնչութեամբ, ապա ճշդեց առաջնահերթութիւններն ու անմիջական քայլերը։

• Նոյն ծիրին մէջ, ժողովը անդրադարձաւ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակին դէմ Ատրպէյճանի կողմէ կատարուած զրպարտական քարոզարշաւին եւ հաստատեց նման հակահայ դրսեւորումներու առաջքը առնելու հրամայականը։

• Ժողովը կարեւորեց եւրոպական տարածաշրջանէն ներս հայագաղութներու գործունէութեան հասարակաց մարտահրաւէրներու եւ հեռանկարներու համադրումը, մարմիններու եւ կառոյցներու միջեւ գործակցութեան ընդլայնման կարելիութիւնները՝ համահայկական կամ մասնակի օրակարգերու իրագործման շրջագիծէն ներս։

ՀՅԴ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՄԱՐՄԻՆՆԵՐՈՒ ՌԱՅՈՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ

Աթէնք, 8 եւ 9 Յուլիս 2023

Նախորդը

Քլաար. «Շատ Կարեւոր Է, Որ Առանց Սահմանափակումներու Վերականգնուի Ուժանիւթի Մատակարարումը, Լաչինի Միջանցքով Տեղաշարժը»

Յաջորդը

Ակնարկ. Քաղաքական Առեւտուր Եւ Գիներու Թանկացման Միտումներ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Լիբանանը` Երրորդ Օրակարգ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Լիբանանը` Երրորդ Օրակարգ

Հոկտեմբեր 30, 2025
Բողոքի Ցոյց` Ի Պաշտպանութիւն Հայաստանի  Քաղաքական Բանտարկեալներուն  Եւ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներուն
Գլխաւոր լուրեր

Բողոքի Ցոյց` Ի Պաշտպանութիւն Հայաստանի Քաղաքական Բանտարկեալներուն Եւ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներուն

Հոկտեմբեր 30, 2025
Ուաշինկթըն. «Հըզպալլայի Հետ Ուղղակի Հաղորդակցութիւն Չունինք, Սակայն Շրջանին Մէջ Ունինք Գործընկերներ, Որոնք Կուսակցութեան Հետ Կը Խօսին»
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներ Մինչեւ Տարեվերջ Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Հետ Առաջին Աշխատանքային Խումբերը Պիտի Ստեղծեն

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?