Կրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հալապի շաբաթավերջին ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ պրէօվէի պետական քննութիւնները ջնջելու ընթացքին ոչ ոք խորհրդակցած է իրեն հետ, եւ ինք անակնկալի մատնուած է այդ որոշումին դիմաց, սակայն անոր նկատմամբ դրական եւ իմաստուն վարուելակերպ ցուցաբերած է:
Հալապի ընդգծեց սակայն, որ պաքալորէայի պետական քննութիւնը կարելի պիտի չըլլայ ջնջել` աւելցնելով, որ անիկա պիտի կատարուի իր չորս բաժանմունքներով:
Հալապի հաստատեց, որ կրթութեան նախարարութիւնը կը կատարէ կրթական ծրագիրները արդիականացնելու վարժանիստեր` աւելցնելով, որ պաքալորէայի քննութեան դիմող անկախ անհատներու թիւը մեծ է:
Հալապի դիտել տուաւ, որ նախորդ չորս տարիներուն Լիբանանի մէջ կրթութեան մակարդակը անկում արձանագրած է` շեշտելով, որ լեզուներու ուսուցման առումով լուրջ խնդիր գոյութիւն ունի, «հետեւաբար կարիքը կայ նոր ծրագիրներ մշակելու եւ կրթական ծրագիրները բարելաւելու», հաստատեց ան:
Միւս կողմէ, Հալապի յայտնեց, որ ինք համաձայն է, որ կառավարութիւնը Կեդրոնական դրամատան նոր կառավարիչ նշանակէ, ինչպէս նաեւ զինուորական նշանակումները ամբողջացնէ:


