ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 91.400 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի հարթակը` 85.500 լ. ոսկի:
ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ալի Համիէ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ պաղեստինցիներուն նկատմամբ ցուցաբերուած զօրակցութիւնը պիտի ըլլայ մնայուն եւ անսահման:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ռաէտ Խուրի յայտնեց, որ «երբ Կեդրոնական դրամատան փոխկառավարիչները պատասխանատուութենէ փախուստ տալու յանցանքով կ՛ամբաստանուին, ես շատ լաւ կը հասկնամ անոնց կեցուածքը եւ կը հաստատեմ հակառակը. Անոնց կեցուածքը հասկնալի է եւ առաւելագոյն չափով պատասխանատու: Պատասխանատուութիւններ ստանձնելէ խուսափելու եւ ամբողջ յանցանքը Կեդրոնական դրամատան վերագրելու ժամանակը անցած է»:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ հոգեւոր խորհուրդի նախագահ շէյխ Մոհամետ Եազպեք կոչ ուղղեց նախագահական ընտրութիւն կատարելու, որպէսզի պետական հաստատութիւններուն աշխատանքը կարգաւորուի եւ պետութեան ընթացքը շարունակուի` պաշտպանելով երկրին ապահովութիւնը, խաղաղութիւնն ու արդարութիւնը:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Փիեռ Պու Ասի հաստատեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նպատակը էր եւ կը մնայ լիբանանեան պետութեան հիմնումը, ինչպէս նաեւ անոր պետական կառոյցներուն պահպանումը, որպէսզի կարելի ըլլայ քաղաքական կայունութիւն, տնտեսական բարգաւաճում եւ ընկերային արդարութիւն հաստատել: «Սակայն այսօր պետութիւնը առեւանգուած է Հըզպալլայի, Ամալ շարժումին եւ անոնց մեղսակիցներուն կողմէ», ընդգծեց ան:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ յայտնեց, որ նախագահական ընտրութիւն կատարելու պարտադիր միակ անցքը փոխըմբռնումի առաջնորդող ազգային երկխօսութիւնն է:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Աշրաֆ Ռիֆի կոչ ուղղեց Ներքին ապահովութեան ուժերու կառոյցին կարիքները հոգալու եւ ոստիկաններուն պէտքերը ամբողջացնելու, որպէսզի անոնք կարենան գոյատեւել եւ երկրին պաշտպանութեան առումով իրենց ստանձնած առաքելութիւնը շարունակել: «Եթէ կան տարակարծութիւններ, ապա անոնք ներքին կարգով պէտք է լուծուին` խիղճին վստահելով: Կատարուածը ամօթալի է, իսկ պատմութիւնը պիտի չխնայէ», ըսաւ ան:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Միշել Տահեր հաստատեց, որ ինք լաւ կը հասկնայ Կեդրոնական դրամատան փոխկառավարիչներուն կեցուածքը` աւելցնելով, որ անոնք չեն ուզեր դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցող քաղաքացիներու դրամը օգտագործելու պատասխանատուութիւնը վերցնել:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Պշարա Մըրհեժ կոչ ուղղեց Կեդրոնական դրամատան փոխկառավարիչներուն վերատեսութեան ենթարկելու իրենց կեցուածքները:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար Թալալ Արսլան յայտնեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած քաղաքական տագնապը կարելի չէ լուծել առանց երկխօսութեան: Ան նշեց նաեւ, որ շրջանային մակարդակի վրայ իրենց յոյսը երկու իմաստուն անձնաւորութիւններու վրայ է. Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատն ու Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ իշխան Մոհամետ Պըն Սալմանը:


