Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թէյմուր Ժոմպլաթ անցեալ շաբաթավերջին Մուխթարայի մէջ շարունակեց ընդունիլ զինք շնորհաւորող ժողովրդային պատուիրակութիւնները, որոնք եկած էին Հասպայայէն, Մերժահիունէն, Պաաքլինէն, Ժեզզինէն, Պաթերէն, Ժպաայէն, Շուֆէն եւ անոր շրջակայ գիւղաքաղաքներէն:
Ժոմպլաթ շեշտեց, որ ներքին լիբանանեան երկխօսութիւնը այլընտրանք չունի` աւելցնելով, որ անիկա միակ միջոցն է Լիբանանը դուրս բերելու իր ամուլ վիճակէն:
Ժոմպլաթ կոչ ուղղեց վերջ տալու նախագահական դատարկութեան փուլին եւ վերանորոգելու երկրին սահմանադրական հաստատութիւնները:
Միւս կողմէ, Թէյմուր Ժոմպլաթ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի անձնական ներկայացուցիչ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայէլ Պոկտանովէն, որ շնորհաւորեց անոր ընտրութիւնը իբրեւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախագահ:
Պոկտանով ընդգծեց Ռուսիան եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնը միացնող պատմական յարաբերութիւնները եւ Ժոմպլաթը հրաւիրեց այցելելու Մոսկուա:


