Թուրքիոյ ելեւմուտքի նախարար Մոհամետ Շիմշեք յայտնեց, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երկու շաբաթ ետք պիտի այցելէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, ուր երկկողմանի համապարփակ համաձայնութիւններ պիտի ստորագրէ:
Մեկնաբանելով երկու շաբաթ առաջ փոխնախագահ Ճեւտեթ Եըլմազի հետ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ իր այցելութիւնը` ան նշեց, որ համակարգումը իր նախարարութեան միջոցով կը կատարուի:
«Թեքնիք առումով մեծ յառաջդիմութիւն արձանագրեցինք, եւ հաւանական է, որ շրջագիծի համապարփակ համաձայնութիւն գոյանայ», նշեց Շիմշեք:
Ան յայտնեց, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ իր այցելութիւնը շատ արդիւնաւէտ էր` յայտարարելով, որ յառաջիկայ շաբաթ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն մեծ պատուիրակութիւններ Թուրքիա պիտի այցելեն:


