 Ռուսիոյ մէջ զինեալ ապստամբութեան փորձի օրերը` 23-24 յուլիս, երկրին պատմութեան մէջ մտած են իբրեւ նախագահ Վլատիմիր Փութինի շուրջ հասարակութեան միասնութեան եւ համախմբման օրեր: Այս մասին «Թելեկրամ»-ի վրայ գրած է Ռուսիոյ խորհրդարանի` Տումայի նախագահ Վիաչեսլաւ Վոլոտին:

Անոր կարծիքով` ապստամբութեան փորձը ցոյց տուած է, թէ քաղաքացիներու եւ զինուորականներու շրջանակներուն մէջ որքա՛ն բարձր է Փութինի հեղինակութիւնը:
Վոլոտինի կարծիքով` այս քննութիւնը անցնելով` ռուսական հասարակութիւնը իր հասունութիւնը ցոյց տուած է:
Անոր համաձայն, Ռուսիոյ նախագահը այս ծանր կացութենէն դուրս եկաւ աւելի ամրապնդելով իր դիրքերը երկրին մէջ եւ աշխարհի վրայ:
«Ան ամէն ինչ ըրաւ արիւնահեղութիւնն ու խառնաշփոթը կանխարգիլելու համար: Վերլուծելով նախապէս մեր երկրին առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները` կրնանք ընել հետեւեալ եզրակացութիւնը. եթէ 1917 եւ 1991 թուականներուն պետութեան գլխուն ըլլային Փութինի նման մարդիկ, ո՛չ յեղափոխութիւն եւ ո՛չ ալ Խորհրդային Միութեան փլուզում կ՛ըլլար», ընդգծած է Վոլոտին: