Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լաւրենթիեւ. «Եռանդուն Աշխատանք Կը Տարուի Թուրք-Սուրիական Յարաբերութիւնները Կարգաւորելու, Առ Ի Պատրաստութիւն Էրտողան-Ասատ Հանդիպումին»

Յուլիս 10, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրիոյ հարցով Ռուսիոյ նախագահի յատուկ բանագնաց Ալեքսանտր Լաւրենթիեւ յայտնեց. «Անգարայի եւ Դամասկոսի միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացման ճամբուն վրայ կան որոշակի դժուարութիւններ, որոնց շարքին է սուրիական հողերու վրայ թրքական զինուորական ներկայութիւնը»: Ան այս մասին յայտնեց «Արապիա»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին:

Ինչ կը վերաբերի Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ Ռուսիոյ միջնորդութեան հասած արդիւնքին, ան ըսաւ. «Կարգաւորման հոլովոյթին մէջ որեւէ դանդաղում չկայ, ընդհակառակն` այս հոլովոյթը ամսական դրութեամբ կը զարգանայ: Սկիզբը փորձագէտներու մակարդակով հանդիպում եղաւ, ապա պաշտպանութեան նախարարներու մակարդակով եռակողմ հանդիպում, ապա մակարդակովը արտաքին գործոց նախարարներու, որոնք փոխնախարարներուն յանձնարարեցին ճամբու քարտէսի վրայ աշխատիլ»:

«Ներկայիս ճամբու քարտէսի պատրաստութեան վրայ աշխատանք կը տարուի, եւ աշխատանքը աշխուժ ու լարուած կերպով կը տարուի, եւ երբ կողմերը իրենց աշխատանքը աւարտեն, ղեկավարները տեղեակ պիտի պահուին արդիւնքներէն` Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի միջեւ, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի ներկայութեամբ, հանդիպում կայացնելու աշխատանք տանելու համար», նշեց Լաւրենթիեւ:

Ինչ կը վերաբերի միջազգային ճամբաներու բացման, ան նշեց. «Աշխատանքը կը շարունակուի, եւ Թուրքիոյ ստանձնած յանձնառութիւններուն վերաբերեալ` զինեալ խմբաւորումները «ԷՄ4» մայրուղիէն 6 քիլոմեթր հեռացնելու եւ թրքական բանակի կեդրոններ զետեղելու աշխատանքը կը շարունակուի, եւ այս աշխատանքը որոշ դժուարութիւններ կը պարունակէ»:

Լաւրենթիեւ յայտնեց, որ կարգ մը դժուարութիւնները կ՛առնչուին Թուրքիոյ եւ այդ շրջանին վերահսկող խմբաւորումներուն միջեւ յարաբերութիւններուն, «եւ ասիկա բաւարարաչափ դժուար աշխատանք է, սակայն մենք չենք յուսահատիր, եւ կը շարունակենք մօտէն աշխատիլ, Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ համակարգումի ճամբով եւ ռուս զինուորներու միջնորդութեամբ»:

Ինչ կը վերաբերի Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքը գտնուող ամերիկեան ուժերուն, Լաւրենթիեւ ընդգծեց. «Եթէ Սուրիոյ մէջ ամերիկեան զինուորական ներկայութիւնը չըլլար, այդտեղ կացութիւնը բարելաւուած կ՛ըլլար, որովհետեւ Ուաշինկթըն Սուրիոյ հարստութիւնները կը թալանէ` Սուրիոյ մէջ իր ուժերուն ծախսերը հոգալու համար»:

 

Նախորդը

Էրտողան 2 Շաբաթ Ետք Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ Պիտի Այցելէ` Երկկողմանի Ամապարփակ Համաձայնութիւններ Ստորագրելու Համար

Յաջորդը

Պայրամով. «Վերջին Շրջանին Պաքուի Եւ Թեհրանի Միջեւ Լարուածութիւն Յառաջացած Է. Ատոր Համար Լուրջ Պատճառներ Կան»

RelatedPosts

Թրամփ. «Իսրայէլ Իրաւունք Ունի Վրէժ Լուծելու,  Եւ Համասը Միջին Արեւելքի  Համաձայնութեան Մէջ Փոքր Բաժին Մըն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իսրայէլ Իրաւունք Ունի Վրէժ Լուծելու, Եւ Համասը Միջին Արեւելքի Համաձայնութեան Մէջ Փոքր Բաժին Մըն Է»

Հոկտեմբեր 30, 2025
Այսօր Հարաւային Քորէայի Մէջ  Թրամփ-Ճինփինկ Հանդիպում
Միջազգային

Այսօր Հարաւային Քորէայի Մէջ Թրամփ-Ճինփինկ Հանդիպում

Հոկտեմբեր 30, 2025
Թրամփ Հարաւային Քորէայի Հետ Առեւտրական  Համաձայնութեան Գոյացումը Յայտարարեց
Միջազգային

Թրամփ Հարաւային Քորէայի Հետ Առեւտրական Համաձայնութեան Գոյացումը Յայտարարեց

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?