Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ջատագով Հաւատոյ

Յուլիս 10, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՐՄԷՆ ԱԲՂ.

Մտածել, խորհիլ, խօսիլ կամ գրել Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին կեանքին, գործունէութեան եւ մանաւանդ Իր հսկայ ծառայութեան մասին` դժուար է: Ինչո՞ւ: Որովհետեւ այս բոլորին մասին խօսիլը մեծ պատասխանատուութիւն եւ յանձնառու պարտաւորութիւն կ՛ենթադրէ, մանաւանդ` բոլոր անոնց դիմաց, որոնք քիչ թէ շատ կը ճանչնան վեհափառին կեանքն ու անձը:

26 յունիս 1995-ին Անթիլիասի մայր տաճարին զանգերը ղօղանջելէ չեն դադրիր` աւետելով ամբողջ հայ ազգին նորընտիր գահակալին ընտրութեան աւետիսը: Դժուար էր այդ օրերուն այս հսկայ աշխատանքը իրագործել, որովհետեւ Լիբանան կը գտնուէր արիւնալից պատերազմի մէջ, սակայն Աստուծոյ կամքով տեղի կ՛ունենայ արժանընտիր վեհափառ հայրապետին ընտրութիւնը` մասնակցութեամբ հարիւրաւոր ազգայիներու եւ եկեղեցականաց դասուն:

Կ՛ընտրուի Ան, որ ամբողջ կեանքը նուիրած է եւ կը շարունակէ նուիրել Հայ եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդին:

Կ՛ընտրուի Ան, որ Իր ներկայութեամբ կը դառնայ, Աբրահամի նման, խիզախ եւ վեհ հայրը  Իր սիրեցեալ զաւակներուն:

Կ՛ընտրուի Ան, որ,  Մովսէս մարգարէին նման, Իր ժողովուրդը կ՛առաջնորդէ դէպի հանգստաւէտ ափեր:

Անձ մը, որ, Դաւիթի նման, Իր կեանքը կը զոհէ ի խնդիր Աստուծոյ եւ Իր հօտին ծառայութեան:

Վեհափառ հայրապետին դաստիարակի կերպարը եւ զարգացած եկեղեցապետի տիպարը մեծ դեր ունի մեր հոգեւոր եւ մտային կազմաւորման մէջ: Ան Իր դպրեվանքի տարիներէն մինչեւ օրս ամբարած գիտութիւնը եւ Իր ուսուցիչներէն ստացած լոյսը կը ծաւալէ մեզի, որպէսզի  վառ մնայ այդ ջահը կիլիկեան  ուխտին մէջ: Ան աստուածատուր մտաւոր եւ հոգեւոր կարողութիւններով օժտուած անձնաւորութիւն մըն է, հմուտ աստուածաբան մը, որ հայ ազգային-եկեղեցական դարաւոր միտքը հարստացնող իր գրութիւններով ճոխացուցած է եւ կը շարունակէ ճոխացնել մաշտոցեան գանձարանը:

Հայրապետին մտածումներուն անբաժան մէկ մասնիկը կը կազմեն Հայաստանն ու հայութիւնը եւ անոնց դիմագրաւած տարբեր դժուարութիւնները: Ան կը հանդիսանայ ջատագովը հայ ազգին, անոր իրաւունքներուն պաշտպանը` այս անարդար եւ վտանգաւոր աշխարհին մէջ: Ան իմաստուն է, խոհեմ, զգաստ եւ դիւանագէտ:

Քսան եւ ութ տարիէ ի վեր Արամ Ա. կաթողիկոսը անշահախնդրօրէն կը գուրգուրայ Իր հօտին, կը խնամէ եւ կը խրատէ, կ՛առաջնորդէ ժողովուրդին զաւակները, որպէսզի անոնք կառչած մնան եկեղեցւոյ եւ ազգին ու իրենց նպաստը բերեն եկեղեցական եւ ազգային ծրագիրներուն ու աշխատանքներուն:

Կեանքը իր ամբողջութեամբ պայքար մըն է մարդուն համար` ըլլա՛յ աշխարհականին, ըլլա՛յ եկեղեցականին: Օ՛ր մը յաղթանակ, օ՛ր մը պարտութիւն, երեւոյթ մը, որ կը մղէ մարդս  պատրաստ զինուոր դառնալու: Արամ Ա. վեհափառը մինչեւ օրս կը մնայ յառաջամարտիկ զինուորապետը Իր ժողովուրդին համար` զանոնք պաշտպանելով թշնամիին յարձակումներէն: Մտած է պայքարի մը մէջ, գործելու եւ ապրելու այս անապահով եւ դաժան աշխարհին մէջ: Պայքարելու համար Իր ընտրած զէնքերը երկուք են` Ծառայութիւնն ու Ազնուութիւնը: Այս երկու կենսական ուժերը շաղախուած են վեհափառ հօր կեանքին մէջ, անոր մտածումներուն եւ զգացումներուն, ինչպէս նաեւ Իր հոգեկան աշխարհին հետ:      Ծառայութիւնը հոգեւորականի մը հիմքը կը կազմէ, քրիստոնէական վարդապետութեան հիմքը: Լուսաւորիչին կանթեղէն ճառագայթող հաւատքի շողը ո՛չ միայն կը լուսաւորէ Իր ճանապարհը, այլեւ`  Իր ճամբով շա՜տ շատերու ծառայական ճանապարհը եւս: Ան հաւատքի՛ մարդն է, գործի՛ մարդն է եւ գաղափարի՛ մարդն է:

Ան Լիբանանի անցեալի եւ ներկայի տագնապալի օրերը կ՛ապրի եւ, Յոբի նման,  գիտէ համբերել: Միշտ աղօթելով, Իր իմաստութեամբ եւ հեռատեսութեամբ կը փորձէ դիմակայել այն բոլոր դժուարութիւններն ու տագնապները, որոնք ծանրացած են Իր զաւակներուն վրայ` թէ՛ Լիբանանի մէջ եւ թէ՛ աշխարհի չորս կողմերը: Վեհափառը Իր ամբողջ կեանքին ընթացքին եղած է այն հոգեւորականը, որ ինքզինք կը զոհէ յանուն Իր ազգին եւ եկեղեցւոյ սրբութիւններու պահպանութեան: Ան երբեք չէ դադրած Իր ժողովուրդին ծառայելէ` ի մտի ունենալով Աւետարանին բառերը. «Ճշմարիտ հովիւը ինքզինք կը զոհէ պահելու համար իրեն վստահուած հօտը» (հմմտ.` Յհ 10:1-18):

Ազնուութիւնը Իր կեանքին երկրորդ կարեւոր առանցքը կը կազմէ. ձեւով մը դարձած է Իր կեանքին ուղեցոյցը: Վեհափառ հօր համար մա՛րդն է կարեւորը, եւ ոչ թէ` անոր դիրքը կամ պաշտօնը: Աստուծոյ կողմէ ստեղծուած` պարզ ու համեստ մարդը:

Վերջապէս, սրտանց կ՛աղօթեմ, որ մարդասէրն Աստուած վեհափառ հօր արեւշատ օրեր պարգեւէ եւ Անոր հովանին անպակաս ընէ հայ ազգին կեանքէն:

Հոս կ՛ուզեմ մէջբերել Յիսուսի` Պետրոս առաքեալին հետ ունեցած երկխօսութիւնը (Յվհ. 21:15-19).

Յիսուս կը հարցնէ Պետրոս առաքեալին. «Կը սիրե՞ս զիս»: «Այո՛, կը սիրեմ Քեզ» կը պատասխանէ Պետրոս առաքեալ: Յիսուս դարձեալ կը հարցնէ եւ նոյն պատասխանը կը ստանայ: Բայց Քրիստոս երրորդ անգամ հետեւեալը կ՛ըսէ. «Գնա՛, արածէ՛ Իմ ոչխարներս եւ դուն ինքդ հովիւ եղած, առ քեզի հետ ցուպ ու սրինգ, մինչեւ այն օրը, ուր իյնայ ցուպդ ի գետին եւ ուրիշներ կապեն մէջքիդ թոյլ գօտի, գնա՛, արածէ իմ ոչխարներս անձանձիր, եւ այս է վարձքդ, եթէ զիս շատ սիրեցիր»:

 

 

Նախորդը

«Հայութեան Տեղաշարժերը Եւ Փոխակերպումները 20-րդ Դարուն Եւ 21-րդ Դարու Սկիզբին» Գիտաժողովը Հայկազեան Համալսարանին Մէջ

Յաջորդը

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան. ԺԲ. Աւարտական Դասարանի Վկայականներու Բաշխման Հանդիսութիւն

RelatedPosts

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Դպրոցական Օրերէն Լաւ Յիշատակ Մը
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն «Թռչէի Մտքով Տուն»

Մայիս 10, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Գիտակից Մայրը (Մայրերու Օրուան Առթիւ)

Մայիս 10, 2025
Բնակա՞նը,  Թէ՞  Բնութիւնը
Անդրադարձ

Հերոսածին Մայրեր

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?