Միացեալ Նահանգներ Լեռնային Ղարաբաղի ապագային վերաբերեալ բանակցութիւններու արդիւնքներ չի կանխորոշեր, այլ կ՛աջակցի համաձայնութեան կայացման, որ կ՛ըլլայ տեւական, կայուն եւ հիմքեր կ՛ապահովէ խաղաղութեան համար:
Այս մասին յայտարարած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Քրիսթինա Քվին` ի պատասխան Հանրային պատկերասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցի ժամանակ կատարած եւ տարբեր մեկնաբանութիւններու պատճառ դարձած Արցախի ապագայի առնչուած յայտարարութիւններու վերաբերեալ «Արմէնփրես»-ի հարցումին:
«Խնդիրներու լուծման եւ տեւական ու արժանապատիւ խաղաղութեան հասնելու ճամբան ուղիղ երկխօսութիւնն է: Միացեալ Նահանգները Լեռնային Ղարաբաղի ապագային վերաբերեալ բանակցութիւններու արդիւնքներ չեն կանխորոշեր:
«Միացեալ Նահանգներ կ՛աջակցին կայացնելու համաձայնութիւն, որ կ՛ըլլայ տեւական, կայուն եւ հիմքեր կ՛ապահովէ խաղաղութեան համար: Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան իրաւունքներու եւ անվտանգութեան հարցը հայ-ազրպէյճանական տագնապի առանցքին մէջ է:
«Ի վերջոյ, չափէն երկար տեւած եւ բազմաթիւ մարդոց կեանքեր արժած այս տագնապին տեւական լուծումը երաշխաւորելու միակ ճամբան Լեռնային Ղարաբաղի մէջ բնակողներու իրաւունքներու պաշտպանութեան ապահովումն է եւ իրենց տուներուն մէջ ապահովութեան զգացում ունենալը:


