ՄԱՀԱԶԴ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային կեդրոնական վարչութիւնը կը գուժէ իր նախկին անդամներէն
ՍՈՒՐԷՆ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 2 յուլիսին:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Սոնիա Մաղաքեան-Սարգիսեան
Սապին Սարգիսեան-Վէքիլեան, Աբրահամ Վէքիլեան եւ զաւակունք` Կալին, Ալիք եւ Արամ Փաթիլ Սարգիսեան
Վիգէն Սարգիսեան եւ Քիմպըրլի Մասսապնի
Լուսին եւ Վազգէն Թերզեան եւ ընտանիք
Հրայր (Հանրի) եւ Միրնա Սարգիսեան եւ ընտանիք
Գուրգէն (Կրէք) եւ Լենա Սարգիսեան եւ ընտանիք
Գերշ. Տ. Շահան արք. Սարգիսեան
Սարգիսեան եւ Մաղաքեան ընտանիքներ
Հայրապետեան եւ Ատանալեան ընտանիքներ
Պաղտասարեան եւ Արսլանեան ընտանիքներ
Ֆէրմանեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, աներոջ, եղբօր, հօրեղբօր, մօրեղբօր, զարմիկին եւ հարազատին`
ՍՈՒՐԷՆ ՄԿՐՏԻՉ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 2 յուլիս 2023-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր՝ ուրբաթ, 7 յուլիսի կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Ս. Աստուածածին Հայ առաքելական եկեղեցւոյ մէջ, 45 Hallcrown Place, North York, ON M2J 4Y4, Canada. ապա, թաղմանական կարգը պիտի կատարուի York Cemetery, 160 Beecroft Road, Toronto, ON M2N, 5Z5, Canada.
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեպսակի` անոր յիշատակին նուիրատուութիւնները յատկացնել «Զօրեան» հաստատութեան, Համազգայինին, ԼՕԽ-ին եւ «Ազդակ»-ին:
—————————————
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ԶԱՒԷՆ ԹՈՐԹԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 9 յուլիս 2023-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
—————————————
ՍՏԱՑԱՆՔ
«ՌՈՒԲԷՆԻ ՅՈՒՇԵՐԸ»
Ա. եւ Բ. հատորակներ
«Ռուբէն» մատենաշար
Տպարան Զաւէն եւ որդիք
Պէյրութ, 2023
—————————————
100 ԱՌ 100 ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆ`
ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ՊԱՔԱԼՈՐԷԱՅԻ ՔՆՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ
Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի տնօրէնութիւնը ուրախութեամբ կը յայտնէ, որ 2022-2023 տարեշրջանի աւարտական դասարանի ֆրանսական պաքալորէայի քննութիւններուն ներկայացած 31 աշակերտները յաջողած են (100 առ հարիւր): 25 աշակերտներ արժանացան յիշատակութեան (1 շատ լաւ` դատակազմի յատուկ գնահատականով, 6 շատ լաւ, 7 լաւ, 11 բաւական լաւ):
Ստորեւ աշակերտներուն անուանացանկը.
Ալեքս Տէյիրմէնճեան (լաւ), Ալինա Վասիլեան (բաւական լաւ), Անժելինա Դարբինեան (շատ լաւ), Առլի Տէր Աբրահամեան (բաւական լաւ), Արէն Պապիկեան (բաւական լաւ), Արին Հանաշեան, Գալին Գիլէճեան (շատ լաւ, դատակազմի յատուկ գնահատականով), Գէորգ Արապաղեան (լաւ), Դերա Տէր Աբրահամեան, Զուլալ Աւագեան, Էլսա Մանիսաճեան (լաւ), Լոռի Գարաճեան (շատ լաւ), Կալիա Պասթաճեան (լաւ), Կասիա Գրիգորեան (շատ լաւ), Կարին Եղիայեան (լաւ), Կարօ-Կերի Քէօշքէրեան (բաւական լաւ), Կլորիա-Մարիա Ժալըֆեան (շատ լաւ), Հրակ Գալայճեան, Հրակ Համալեան (շատ լաւ), Ճորճ Տէմիրճեան (բաւական լաւ), Մարիա Տէմիրճեան (բաւական լաւ), Մարիէլ Մարթայեան (բաւական լաւ), Նայիրի Գարաճեան (լաւ), Նանար Պայրամեան (բաւական լաւ), Նարօտ Նագգաշեան (լաւ), Նարօտ Նալպանտեան, Սանան Քէշիշեան (շատ լաւ), Սարգիս Աբգարեան (բաւական լաւ), Սէրլի-Գայեանէ Զաքարեան, Վարագ Պորոյեան (բաւական լաւ), Քրիստ Մարկոսեան (բաւական լաւ):
Կը շնորհաւորենք մեր շրջանաւարտները, ծնողները եւ Ճեմարանի անձնակազմը:
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ