Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երախտապարտ Եմ

Յուլիս 8, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱՐՕ ԳԱԶԱՆՃԵԱՆ-ԹԱԶԵԱՆ

Դեղին փողկապը վիզիս, կակուղ թաթիկով, ամուր բռնած հօրս ձեռքէն` ուղղուեցայ Այնճարի ՀՄԸՄ-ի ակումբ` մաս կազմելու այն մեծ ընտանիքին, որուն իբրեւ հաւատաւոր անդամը, այսօր` շուրջ յիսուն տարիներ ետք, զիս արժանացուց վկայուելու «Ծառայութեան» շքանշանով:

Սիրելի՛ ՀՄԸՄ-ի քոյրեր-եղբայրներ,

Խոնարհելով այս կազմակերպութեան մարդակերտման եւ հայակերտման սկզբունքներուն առջեւ, կու գամ ձեզի յիշեցնելու, անկախ կեանքի տարբեր փուլերու մեր կրած տարազաւորումներէն (մայր, հայր, դաստիարակ, ուսուցիչ…), մենք մեր կամքով կու գանք ընտրելու սկաուտական տարազը եւ հնազանդելու անոր կազմաւորման բոլոր օրէնքներուն:

Կը սորվինք առաջնորդուիլ « Գործել բարիք մը ամէն օր» կարգախօսով, կ՛օգնենք անկարին, չքաւորին ու կարիքաւորին, եւ սրտի մեծ գոհունակութեամբ «Միշտ լաւագոյն»-ը տալով,  կը հասնինք «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր» նշանաբանին:

Սիրելինե՛ր, վերոնշեալ չակերտաւորումները լոկ թուղթի վրայ գրուած օրէնքներ չեն, անոնք սկաուտավայել եւ ՀՄԸՄ-ականի գիտակցութիւն պարտադրող, կեանքի ուղի հարթող եւ ամբողջ ԸՆՏԱՆԻՔ մը դէպի յառաջ սլացնող մղիչ ուժեր են:

Այս տուեալներուն գիտակցութիւնը պիտի կրէ ամէն ՀՄԸՄ-ական ու անշահախնդրօրէն ծառայէ ՀՄԸՄ-ի ծրագիրին ու կանոնագիրին, որպէսզի ծառայած ըլլայ ազգին ու հայրենիքին:

ՀՄԸՄ-ը իր կանոնակարգով կը պատկանի ամէն մանուկի, պատանիի, երիտասարդի, հասուն տարիքի եւ տարեցի. ՀՄԸՄ-ը չի կրնար ըլլալ անհատներու սեփականութիւնը եւ անոնց քմահաճոյքին առարկան…

Առ այդ, եկէ՛ք աշխատինք ի մի բռին, խոյանանք դէպի բարձունքն Արարատին, կերտենք մեր պատմութեան մէջ ՀՄԸՄ-ական հզօր բանակ ու ըլլանք «Արի եւ վեհանձն մարդ»:

«Ծառայութեան» շքանշանի արժանացած որպէս խոնարհ ծառայ, կու գամ նորոգելու սկաուտական երդումս ու յաւիտեան ծառայելու պատրաստակամութիւնս իմ  Սուրբ ընտանիքիս` ՀՄԸՄ-ին:

Թող որ «Ծառայութեան» շքանշանով զարդարուին բոլոր անխոնջ ու նուիրեալ ՀՄԸՄ-ականներուն կուրծքերը, որպէսզի վերանորոգուած ու խրոխտ գոհունակութեամբ լեցուին անոնց հոգիները:

Կեցցէ՛ ու յաւե՜րժ ապրի ՀՄԸՄ-ը:

 

 

 

Նախորդը

«Զուարթնոց» Կեդրոնի Ամավերջի Հանդէսը. Յոյսի, Կամքի Եւ Երազի Պատգամ

Յաջորդը

Թենիս. «Ուիմպըլտըն». 4-րդ Դասուած Ռուտի Անակնկալ Պարտութիւնը` 142-րդ Դասուած Պրոտիէն

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?