Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանահայութիւնն ու Դաշնակցութեան Մեծ Ընտանիքը Միշտ Երախտապարտ Կը Մնան Ընկեր Անդոյին

Յուլիս 7, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անդրանիկ Մսըրլեանի Յուղարկաւորութեան Առիթով Արտասանուած Դամբանական

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ
(Յանուն ՀՅ Դաշնակցութեան)

 

«Տեսայ լաւ ու վատ, ահաւոր զրկանք,
Տեսայ շատ կարիք, տեսայ համբերանք,
Տեսայ լաւ մարդիկ, բարի աշխատանք,
Բարեւս տուի, անցայ գնացի»:

Տխուր է այսօր Պուրճ Համուտը, տխուր են 17 տարի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեանին հետ գործակցած իրերայաջորդ խորհուրդներու անդամները, պաշտօնակիցները, սրճեփն ու մայրիկը:

Տխուր են աղքատութեան մէջ իրենց կեանքը քարշ տուող եւ ամէն օր ընկեր Անդոյին հանդիպող, բարեւ տուող ու աղօթող մայրիկներն ու հայրիկները: Տխուր են Համազգայինի մեծ ընտանիքը եւ իր հարազատները:

Սուգը պատած է ամէն կողմ:

Եւ վերջապէս տխուր է Դաշնակցութեան մեծ ընտանիքը եւ կը սգայ կորուստը առաքինի, ազնիւ, համեստ ու անկեղծ ընկերոջ, լուռ ու անխոնջ աշխատող, կազմակերպչական հարուստ փորձառութեան տէր` ընկեր Անդոյին:

Դժուար է հաւատալ եւ համոզուիլ, որ այլեւս բոլորս զրկուած պիտի ըլլանք դէմքին վրայ միշտ անպակաս ժպիտով ու ամչկոտ հայեացքով մը փոխանցած բարեւէն, դժուար պիտի ըլլայ հաշտուիլ, որ մեր ժողովներուն պիտի չվայելենք իր ներկայութիւնը եւ հարցերը նոյն ժպիտով ու ազնուութեամբ բիւրեղացնելու իր շնորհը, դժուար պիտի ըլլայ համոզուիլ, որ ընկերական սեղաններուն շուրջ պիտի պակսի իր լուռ, ու սակայն ջերմ ներկայութիւնը:

Ընկեր Անդոն իր կեանքի ամբողջ ընթացքին մնաց բոլորին ընկերը: Դաշնակցական անբիծ ընկերականութեամբ փորձեց լուծել ամէն տեսակի տարակարծութիւն ու խնդիր: Վիրաւորանքը դիմաւորեց վեհանձնութեամբ եւ համբերատարութեամբ, բայց ամրօրէն կառչած մնաց իր դաւանած սկզբունքներուն, զորս սորված էր Դաշնակցութեան մեծ դպրոցին մէջ: Կեանքի դժնդակ պայմանները առիթ չընձեռեցին իրեն շարունակելու ուսումը, եւ սակայն իր իւրայատուկ ինքնաշխատութեամբ յաջողեցաւ կերտել ինքզինք, նաեւ մնաց հայ մշակոյթի ու գրականութեան մօտիկ անձ` մի՛շտ քաջալերելով բարձրորակը եւ վաւերականը:

Ընկեր Անդոյի կազմակերպական տաղանդը ճառագայթող դարձաւ ամէնուրեք, ջանասիրութեամբ ու բծախնդրութեամբ վարեց ՀՅԴ ԼԵՄ-ի կառոյցին մօտ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչի պաշտօնը, եւ ԼԵՄ-ի սերունդներու կազմաւորման, անոր գործունէութեան ընդարձակման մէջ տիրական դարձաւ ներդրումը: Նոյն բծախնդրութեամբ ստանձնեց իրերայաջորդ Կեդրոնական կոմիտէներու գանձապահի ծանր եւ պատասխանատու պարտականութիւնը:

Լիբանանահայ օգնութեան խաչի` յատկապէս ընկերաբժշկական կեդրոնի գործունէութիւնը վայելեց ընկեր Անդոյի ամբողջական հոգատարութիւնը: Քաղաքացիական պատերազմի թէժ օրերուն շտապ օգնութեան բաժանմունքը գործեց իր անմիջական հսկողութեամբ: Ընկեր Անդոյին տունը դարձաւ ԼՕԽ-ի կեդրոնը, եւ ան հոն գիշերեց շաբաթներ եւ ամիսներ:

Համազգայինի հանդէպ տածեց յատուկ սէր ու գուրգուրանք: Մասնաճիւղի վարչութենէն մինչեւ Կեդրոնական վարչութեան անդամ մի՛շտ մնաց տագնապող համազգայնական: Անոր վարչական հմտութիւնը` հիմնական որոշումներու մէջ եւ նոր ծրագիրներու ընթացքին ցուցաբերած քաջութիւնը նպաստեցին ընդհանուր գործի յաջողութեան:

Քաղաքապետ ընկերը ՀՄԸՄ-ի եւ այլ միութիւններու, ընկերային, առողջապահական կառոյցներու գործունէութեան` ոչ միայն մնայուն սատար հանդիսացաւ, այլ նաեւ մնաց խորհրդատու անոնց ծրագիրներու հունաւորման ու իրականացման աշխատանքին մէջ:

ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի հովանաւորած կառոյցները` Ազգային խորհուրդ, ԱՖԷՏ, ԱՖՀԻԼ, մի՛շտ ալ վայելեցին ընկեր Անդոյին եզակի ներդրումը, նաեւ կարգ մը կառոյցներու հիմնադրութեան ու գործունէութեան ծաւալման մէջ ան ունեցաւ վճռորոշ եւ անփոխարինելի դերակատարութիւն:

Կուսակցութեան եկամտաբեր եւ շինարարական աշխատանքները յանձանձեց ամենայն բծախնդրութեամբ  ու նախանձախնդրութեամբ եւ այդ բոլորին մէջ փորձեց գտնել իր կեանքի գոհունակութիւնը:

Ընկեր Անդոն միշտ խուսափողն էր իր անձին մասին կատարուող գովասանքէն, նոյնիսկ երբ սեղանի շուրջ կենաց պիտի խմուէր, ամէն մարդ արդէն իսկ վարժ էր բաժակը բարձրացնելու եւ սակայն բան մը չըսելու, որովհետեւ այդ մշակոյթը հեռու մնաց իր նկարագիրէն ու կեանքէն: Փոխադարձաբար, ինք ալ մնաց կեանքի ամբողջ ընթացքին ժուժկալ գնահատող եւ իրմէ եկած գնահատանքի խօսք մը մի՛շտ ալ գոհունակութեամբ ընկալուեցաւ շրջապատին կողմէ:

Տերեւաթափը ամէն օր կը խոցէ լիբանանահայ հաւաքական կեանքը. վերջին տարիներուն մեզմէ առյաւէտ բաժնուեցան այն սերունդի ներկայացուցիչները, որոնք Լիբանանի ապրած քաղաքացիական պատերազմի դժնդակ պայմաններուն մէջ, երբ արտագաղթը, յուսահատութիւնը, թերահաւատութիւնը դարձած էին տիրական` այդ սերունդը քաջութիւն ունեցաւ ինքզինք դնելու պատասխանատուութեան ամենաբարձր աստիճանի դիմաց եւ երաշխաւորեց կեդրոնական այս գաղութի երթի շարունակականութիւնը ու անոր համահայկական դերակատարութիւնը:

Ընկեր Անդոն սիրեց Լիբանանը եւ լիբանանահայութեան բոլոր հայահոծ շրջանները, ինչպէս նաեւ հայկական վարժարաններու առաքելութիւնը գործնապէս բարձր գնահատեց, որովհետեւ հաւատաց, որ գաղութի անխափան երթի շարունակականութեան յենասիւները կը հանդիսանան հայկական վարժարանները:

Ընկեր Անդոն իր ստանձնած քաղաքապետական թէ հասարակական այլ պարտականութիւններուն մէջ լիբանանահայ բոլոր համայնքներու նկատմամբ տածեց համահաւասար սէր ու գուրգուրանք եւ իր գործնական ներդրումը բերաւ համայնքային կեանքի բոլոր նախաձեռնութիւններուն:

Ընկեր Անդօ հրաժեշտ կու տայ այնպիսի պահու մը, երբ լիբանանահայութեան կարեւոր զանգուած մը դարձեալ կը տուայտի անորոշութեան ու յուսաբեկման մէջ, երբ հայկականութենէն հեռացումը օրէ օր քիչ մը աւելի կ՛արմատանայ մեր իրականութեան մէջ ու մեր կեանքը կը դիմագրաւէ բազում մարտահրաւէրներ: Այս օրերուն որքան կարիքը ունինք ընկեր Անդոյին հանդարտ, զգաստ, շրջահայեաց, անանձնական, անշահախնդիր, ինքնավստահ ու բիւրեղ տիպարային ներկայութեան, որպէսզի կարենանք հաւաքաբար յաղթահարել մեր հաւաքական կեանքին ուղղուած բոլոր սպառնալիքները, որպէսզի կարենանք հաւաքաբար խօսքը գործի վերածելու քաջութիւնը եւ վճռակամութիւնը աւելի արմատացնել, որպէսզի կարենանք դրական լիցք եւ յոյս ներշնչել մեր միջավայրին մէջ, եւ որպէսզի յաջողինք կենարար, ազգօգուտ գործը գերադասել ամէն տեսակի ճղճիմ, մանր ու ինքնամաշումի տանող հաշիւներէ:

Կարիքը ունինք ընկեր Անդոյին, որպէսզի ամէն օր ունենանք անկեղծ յուշարար, որ մեզի յիշեցնէ, թէ դրական մօտեցումը, համբերատարութիւնը մեր միջավայրին մէջ անպայմանօրէն չի թարգմանուիր իբրեւ կացութիւններու համակերպուելու եւ սկզբունքներէ զիջելու երեւոյթ, այլ` կը շարունակէ մնալ լուծման առաջնորդող առաջնային ընտրանք:

Ընկեր Անդոն իր կեանքին ընթացքին ընտանիք չկազմեց, բայց հայրական մօտեցումը իր կեանքի նշանաբանը դարձուց եւ լիբանանահայ համայնքը ամբողջ իր ընտանեկան հարազատ օճախին վերածեց:

Եկէք ըլլանք անկեղծ եւ արդար հաստատելու համար, որ հազուագիւտ են մեր միջավայրին մէջ այն անհատները, որոնք առանց վիրաւորելու, առանց կամայ թէ ակամայ բանսարկելու, առանց հեգնանքի կը յաջողին անհատական թէ հաւաքական գետնի վրայ իրենց կեանքը հունաւորել: Հազուագիւտ են այն անհատները, որոնք առանց հեղինակութիւն պարտադրելու` բարին բովանդակ  առումով կը դառնան հեղինակաւոր եւ իրենց հեղինակութեամբ  դիմագիծ կու տան իրենց ստանձնած պատասխանատուութեան ու կը դառնան համակող մեր միջավայրին մէջ: Այդ հազուագիւտ տիպարներէն մէկն է ընկեր Անդոն:

Վարձքդ կատար ընկեր, լիբանանահայութիւնը եւ Դաշնակցութեան մեծ ընտանիքը մի՛շտ կը մնան երախտապարտ քեզի: Այո՛. դաշնակցականը իր աչքերը կը փակէ «Վէրքերով լի»¬ով: Այդ վէրքերը ան կը ստանայ պատերազմի դաշտին վրայ կամ հաւաքական կեանքին մէջ կատարած իր ծառայութեան ընթացքին: Եւ սակա՛յն հանգիստ կը հանգչի: Ա՛յս է դաշնակցականին իւրայատուկ արժանիքը:

Հանգչի՛ր խաղաղ, հանգիստ, սիրելի՛ ընկեր Անդօ. Դաշնակցութեան գործը պիտի շարունակուի ու դաշնակցականներու հայրենանուէր ու ժողովրդանուէր առաքելութիւնը պիտի ընթանայ քու եւ քեզի նման նուիրեալներու փոխանցած շունչով ու պատգամով:

Անողոք հիւանդութիւնը նաեւ դիմաւորեցիր դաշնակցականի արիութեամբ: Մերժեցիր ընկրկիլ, յանձնուիլ: Շարունակեցիր այդ վիճակիդ մէջ անգամ տագնապիլ հայրենիքով, Արցախով ու Լիբանանով: Եւ սակայն մի՛շտ փորձեցիր ներշնչել վաղուան պայծառ արշալոյսի յոյսը:

Այո՛, պիտի յիշենք քեզի մի՛շտ ու վաղուան վարդահեղեղ արշալոյսին համար շարունակենք Դաշնակցութեան սուրբ գործը:

Այս տխուր առիթով Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Բիւրոյին, ՀՅԴ Լիբանանի  Կեդրոնական կոմիտէի, ինչպէս նաեւ «Ն. Աղբալեան» եւ «Սարդարապատ» կոմիտէութիւններուն ցաւակցութիւնները կը փոխանցենք ընկեր Անդրանիկ Մսըրլեանի հարազատներուն, գործակիցներուն եւ ընկերներուն:

 

 

 

Նախորդը

Գործի Մարդը

Յաջորդը

Ուղեկիցի Յուշերէն. Սիրելի՛ Սուրէնին Լոյս Յիշատակին

RelatedPosts

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Դպրոցական Օրերէն Լաւ Յիշատակ Մը
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն «Թռչէի Մտքով Տուն»

Մայիս 10, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Գիտակից Մայրը (Մայրերու Օրուան Առթիւ)

Մայիս 10, 2025
Բնակա՞նը,  Թէ՞  Բնութիւնը
Անդրադարձ

Հերոսածին Մայրեր

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?