ՇԱՀԱՆ ԱՐՔ. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ
Ամսեսկիզբի առաջին կիրակին (2 յուլիս 2023) իմացանք, որ Տիրոջ հետ էիր ժամադրուած: Ինչպէս միշտ, ասոր մէջ ալ փորձեցիր ըստ երեւոյթին ճշդապահ ըլլալ: Մինչ, հոս` Անթիլիասի Մայր տաճարին մէջ, նոյն երեկոյին, երիտասարդ զոյգի մը նոր կեանք եւ նոր ընտանիք հիմնելու ժամադրութեան եւ խոստումին վկան եղայ: Եւ կը մտածեմ, մենք` բոլորս, հիւր ենք այս կեանքին. ոմանք պիտի գան, իսկ ուրիշներ` մեկնին: Ժամանակը ճշդելը ժամանակէն վեր` Ամենակալին կը պատկանի:
Սենեակ վերադարձիս բջիջայինէս Փաթիլին ձայնն էր. «Պապան վերջին ժամերը կ՛անցընէ, ամէնքս հոս ենք…», եւ 18:05-ի պատգամը` «He is gone»: Արձագանգեցի: Անշնչացած մարմինիդ շուրջ` ընտանիքի անդամներ: Մեծ բացական դո՛ւն էիր:
Եւ փորձեցի մտաբերել` մեր առաջին հանդիպման մանրամասները եւ անհանգստացումէդ ետք, ե՞րբ սկսայ բժշկական աղօթասացութեանս` ընկալեալ սովորութեամբ երկիցս քեզի համար աղերսել. «Ո՜վ մեր Տէր Աստուածը, փարատէ՛ ցաւերը եւ բժշկէ հիւանդութիւնները…»:
Հաստատ հաւատալով, որ ի վերջոյ Իր կամքը պիտի ըլլայ, իսկ Կամքը Բարին է:
Հիմա, սա բառերը արձանագրած ատենս, դէմքդ` ժպտաբոյր ու լուսատես, կը ճառագաթէ եւ լոյսով կ՛ողողէ սենեակս:
Դարձեալ Փաթիլն է ընդմիջողը. «Սրբազա՛ն, բարձրախօսին վրայ քեզ կը լսենք, կրնա՞նք միասին աղօթել», եւ բնականաբար` Տէրունական եւ Հոգւոյն նորոգ հանգուցելոյն ու մաղթանք մխիթարութեան…:
Ապա, երկուքս, մեր մտերիմ զրոյցներէն մէկը շարունակելու պէս, իրար աչքերու մէջ կը նայինք: Անկասկած, անդի կողմը քեզ դիմաւորողներուն բարի ժպիտը քեզ կը խաղաղեցնէ ու հոգեխառնում մը կամ ողջագուրում մը` յաւիտենականի լուսաւոր ափերուն վրայ: Ասդի կողմը, քեզի եւ ինծի ծանօթներ, մեկնումիդ առիթով իրենց տպաւորութիւնները ամփոփելով կամ միակ հանդիպումի մը գեղեցիկ յուշով մը, գիտես ինչ կը մաղթեն` «Աստուած հոգին լուսաւորէ» եւ «լուսաւոր դրախտին արժանի ընէ»:
Այժմ, մտքիս մէջ կը տողանցեն կեանքիդ մէջ իրարու հետ մեր անցուցած ժամանակները` Փարիզի առաջնորդարանէն ձեր բնակարանը, Սապինին պսակադրումէն եպիսկոպոսական օծումիս յաջորդող պահերը, Հալէպի այցելութիւններդ, Պէյրութէն Պարսելոնա, ընտանիքի անդամներուն հետ` տարբեր ցամաքամասերու վրայ (Հրակին, Վիգէնին, Շահանին պսակի օրհնութիւններուն), Անթիլիասի մէջ` հարազատ ու ժողովական, եւ վերջին հանդիպումնիս կրկի՛ն Փարիզի մէջ:
Որքան ալ այս պահը կը թուի տխուր ըլլալ, սիրելի՛ Սուրէն, սակայն պարզ իրականութիւնը սա՛ է` ապրուած լեցուն կեանքն էր, որ ապրեցար եւ ապրեցուցիր ազգիդ ու հայրենիքիդ` մանաւանդ Արցախին, եկեղեցւոյդ ու յատկապէս Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, եւ քեզ յարգող ու սիրող լայն շրջանակիդ: Քեզ հանդիպող մարդիկը սիրեցին անմոռանալի ժպիտդ, վարակիչ լաւատեսութիւնդ, համբերատար ներողամտութիւնդ, կազմակերպ կարգապահութիւնդ, պայծառացնող ներկայութիւնդ, եւ մանաւանդ անխտրական սէրդ, որոնց ընտրելագոյն բանաձեւումը կը գտնեմ Տիրոջս խօսքին մէջ. «Բարի մարդը իր սրտի բարի գանձերէն բարիք կը հանէ» (Մատթէոս 12.35):
Վստահ եմ, որ բազմաթիւ հարազատներ ու բարեկամներ, ներկայ ու գալիք օրերուն, իրենց սրտերէն բխող խօսքերով եւ գիրերով պիտի բանան քու ինքնութեանդ, իւրայատկութեանդ, անհատականութեանդ, նկարագիրիդ եւ մարդկութեանդ հարուստ ծալքերը, իբրեւ` լուսաւոր վկայութիւն լուսեղէն մարդուն` ՍՈՒՐԷՆ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆին:
Ցտեսութիւն…:
Սիրով եւ աղօթքով`
ՇԱՀԱՆ ԱՐՔ. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ