Յուլիս 3-ին Լիբանանի Այնճար հայկական աւանին մէջ մահացած է Լիբանանի եւ Ֆրանսայի մէջ հայկական դպրոցներու բարերար Գէորգ Հայկ Արապեանը, 91 տարեկանին: Ան բարերարն է Ֆրանսայի Ալֆորվիլ եւ Վալանս քաղաքներու հայկական վարժարաններուն: Ալֆորվիլի «Արապեան» դպրոցի շինութիւնը արժած է 4,5 միլիոն եւրօ, որ գոյացած է անհատներու եւ հաստատութիւններու նուիրատուութիւններէ, իսկ Գէորգ Արապեան յատկացուցած է 2,5 միլիոն եւրօ: Իր անունը կրող Վալանսի նորաբաց վարժարանին նուիրած է 800.000 եւրօ:
Իր ներդրումով վերանորոգուած է Լիբանանի Այնճար հայկական աւանի Ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» վարժարանը, իսկ վերանորոգուած մանկապարտէզի ծաղկոցը կը կրէ իր անունը:
Գէորգ Արապեան ծնած է Պէյրութ, 1932-ին: Հայրը` Հայկ Արապեան, ծնած էր Կեսարիա եւ Աքշէրի մէջ իր կողակիցին` Մարիամի հետ կազմած էր ընտանիք եւ բախտաւորուած երեք զաւակներով` Բիւզանդ, Կարապետ եւ Գէորգ: 1915-ին` Հայոց ցեղասպանութեան օրհասական օրերուն, տարագրուած են Տէր Զօր: Կարճ ժամանակ Հալէպ ապրելէ ետք, 1923-ին Հայկ Արապեան ընտանիքին հետ հաստատուած է Պէյրութ: Հետագային,Հայկի զաւակները Պէյրութի մէջ հիմնած են թուղթէ տոպրակի արտադրամաս եւ դարձած են յաջող ու երեւելի առեւտրականներ:



6


