Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ընկեր Անդոն

July 6, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Երբ փորձենք խտացնել 60 տարուան կուսակցական, միութենական, բարեսիրական եւ կազմակերպչական գործունէութիւնը, կրնանք հինգ գլխաւոր աշխատանքային դաշտերու վրայ կեդրոնանալ:

Նախքան այդ մասերը մատնանշելը, պէտք է գիտնանք, որ ընկեր Անդոյին լուռ, սակաւախօս, ազնիւ եւ հանդարտաբարոյ պահուածքը իր նկարագրային յատկանիշերն էին: Շատ չէր խօսեր, բայց կը սպասէին անոր «Այո՛»-ին, որպէսզի աշխատանքը թափ առնէր: Շատ ալ մերժող անձ մը չէր, բայց կը սպասէին անոր «Այո՛»-ին, որպէսզի ապահով զգային: Շատ չէր երկարեր նիւթերը, կը սիրէր հարցերը բիւրեղացած վիճակով հասցնել ժողովին:

Ընկեր Անդոյին գործունէութեան վաստակը կը խտացուի չորս մասերու մէջ:

Առաջին` ԿՈՒՍԱԿՑԱԿԱՆ:

Անոր` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամակցութենէն առաջ եւ ետք մնաց միշտ Կեդրոնական կոմիտէի մակարդակով: Ծայրայեղութիւններէ հեռու, միջին լուծումներ փնտռող, հակասական մտածողութիւնները քով- քովի բերելու ճիգ ընող, բոլորին կողմէ ընդունելի եղող, բայց ոչ մէկուն կողմը նկատուող կուսակցական էր:

ԼԵՄ-ի մէջ մեծ դերակատարութիւն ունեցած էր: Տարիներով ԼԵՄ-ի ներկայացուցիչն էր եւ շատ յաճախ լիազօր ներկայացուցիչ Կեդրոնական կոմիտէի, նոյնիսկ կոմիտէ չընտրուած տարիներուն, պատրաստ` որեւէ աշխատանքի:

«Յակոբ Տէր Մելքոնեան» սրահի բարեզարդման, «Արին» շէնքի շինարարութեան, «Արա Երեւանեան» կեդրոնի հիմնադրութեան եւ տնտեսական զանազան նախաձեռնութիւններու ապահով, վստահելի, բծախնդիր եւ հետեւողական աշխատելաոճով, գործերը իր լրումին կը հասցնէր:

Երկրորդ` ԲԱՐԵՍԻՐԱԿԱՆ:

Ընկեր Անդոն ԱՖՀԻԼ-ի, ԼՕԽ-ի, «Ճինիշեան»-ի աշխատանքներուն, կարգ մը ծրագիրներու հիմնադրութեան, պատերազմի տարիներուն ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի կազմակերպական գործերուն, «Կեանք մը փրկենք» ֆոնտին նեցուկ կանգնելու, ԱՖՀԻԼ-ի հիմնադիր ժողովներէն եւ անկէ ետք 12 տարի իբրեւ վարչութեան ատենապետ մեծ դեր ու վաստակ ունեցած է:

Երրորդ` ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ:

Համազգայինի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղէն մինչեւ Կեդրոնական վարչութեան անդամ ընկեր Անդոն համազգայնական էր բառին ամբողջական առումով: Կրցած էր իր ներդրումը բերել թատերական, երաժշտանոցի, շրջանային վարչութիւններու կազմութեան, մեծապէս նպաստել Կեդրոնական վարչութեան կալուածային հարցերու, դրամատնային, հաշուապահական եւ պետական թղթածրարներու ամբողջացման աշխատանքներուն:

Չորրորդ` ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԱՐԱՆ:

Ընկեր Անդոն իբրեւ քաղաքապետ միշտ ալ փորձեց իր ներդրումը բերել նախ քաղաքապետարանի ներքին կազմակերպչական եւ վարչական աշխատանքներուն, երկրորդ` Պուրճ Համուտի հայեցի դիմագիծի եւ ազգապատկան կալուածներու թղթածրարներու ամբողջացման ու մանաւանդ Պուրճ Համուտի բարգաւաճման ու զարգացման աշխատանքներուն:

Այսպէս ամփոփելով իր 60 տարիներու վաստակը, կրնանք հաստատել, որ ընկեր Անդոն դաշնակցական այն լուռ զինուորներէն է, որուն վրայ ո՛չ երեւիլը, ո՛չ առջեւ նստիլը, ո՛չ պաշտօնը, ո՛չ ալ անտեսուիլը ազդած են:

Բոլորին հետ աշխատած է առանց նախապայմանի եւ առանց յետին նպատակներու: Իրեն համար աշխատանքը ամէնէն կարեւոր բանն էր, կը հաւատար, որ աշխատանքով ըսի-ըսաւներն ալ կը պակսին, բամբասանքներն ալ կը նուազին:

Աշխատանքին հաւատացող եւ անձայն, մաքուր, վստահելի, ազնիւ ընկեր էր, մեծ եղբայր էր եւ իր լռութեամբ յարգանք կը պարտադրէր:

Յիշատակդ անթառամ մնայ:

Շնորհակալ եւ երախտապարտ եմ ամէն ինչին:

 

 

Նախորդը

Գաղութէ Գաղութ

Յաջորդը

Վերջին Հրաժեշտ` Անդրանիկ Մսըրլեանին

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.