Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Հայաստանի Կրթական Համակարգը Մեծապէս Ետ Է, Ըստ OECD-ի PISA 2025 Միջազգային Կրթական Գնահատման Ծրագիրի Պաշտօնական Տուեալներուն
Սեպտեմբեր 8-ին հրապարակուած են OECD-ի PISA 2025 միջազգային կրթական գնահատման ծրագիրի պաշտօնական տուեալները, որոնց մասին ահազանգեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեան` դիտել տալով, որ անոնք լիովին մերկացուցին, այսպէս կոչուած, կրթական բարեփոխումներու իրական երեսը:
Ան կը նշէ, որ PISA-ն հանրակրթութեան ոլորտի ամէնէն հեղինակաւոր միջազգային ծրագիրն է, կը ստուգէ 15 տարեկան աշակերտներու` ուսողութիւն, ընթերցանութիւն, բնագիտութիւն դասանիւթերէն ստացած գիտելիքները իրական կեանքի մէջ կիրարկելու կարողութիւնը: Այս ուսումնասիրութեան մասնակցած է 15-ամեայ աշակերտներուն մօտաւորապէս 80 առ հարիւրը:
Հրապարակուած տուեալներուն համաձայն, ընթերցանութենէն` Հայաստանի 15-ամեայ աշակերտներուն միայն 19 առ հարիւրը հասած է այն նուազագոյն մակարդակին, զոր PISA-ն անհրաժեշտ կը նկատէ որեւէ բնագիր հասկնալու, հիմնական միտքը գտնելու եւ պարզ եզրակացութիւններ կատարելու համար:
Ուսողութեան պարագային, միայն 28 առ հարիւրը հասած է նուազագոյն պահանջուող մակարդակին` կարենալ կիրարկել հիմնական ուսողական գիտելիքներ` պարզ հարցեր լուծելու: Նոյնն է պատկերը նաեւ բնագիտութեան ոլորտին` 26 առ հարիւր:
Փաստօրէն Հայաստանի կրթական համակարգի PISA արժեւորումը միջազգային չափանիշով շատ ցած արդիւնք արձանագրած է: Վրաստանը եւ Ազրպէյճանը երեք հիմնական ոլորտներու մէջ առաջ անցած են Հայաստանէն: Հայաստանի կրթական համակարգի PISA չափումը շատ ցած արդիւնք արձանագրած է տարածաշրջանի բոլոր երկիրներու համեմատութեամբ, ներառեալ` Թուրքիան: Հայաստան միայն Խըրխզստանի նկատմամբ քիչ մը առաւելութիւն ունի:
Լիլիթ Գալստեան այս բոլորին լոյսին տակ կը գրէ. «Այս աղէտալի պատկերը երկրում կրթական քաղաքականութեան անարդիւնաւէտութեան, իսկ աւելի ճիշդ` ֆիասքոյի (կատարեալ ձախողութեան) մասին է: Սա խօսում է «կրթական բարեփոխումներով» հանրակարթութեան համակարգը շարունակ ցնցումների տանելու, ոլորտի կառավարման անարդիւնաւէտութեան, խորքային խնդիրներին համակարգային լուծումներ տալու անկարողութեան եւ, առհասարակ, երկրի համար խիստ ռազմավարական ուղղութեան տապալման մասին է»:
Ան դիտել տուաւ, որ «կրթական բարեփոխումներ» պիտակին տակ վերջին հինգ տարիներուն` 2021-2025, կրթութեան ֆինանսաւորումը մեծապէս աւելցած է, 2021-ի 149 միլիառ դրամէն 2025-ին հասած է մինչեւ 300 միլիառի:
«Այսպէս կոչուած, «կրթական բարեփոխումները» եղել են կառավարութեան եւ յատկապէս տուեալ գերատեսչութեան հիմնական խաղաթուղթը: Կրթական նոր չափորոշիչն էլ ներկայացուել է որպէս կրթական մրցակցային առաւելութիւն:
«Բազմաթիւ անգամներ եմ շեշտել, որ դպրոցաշինութիւնը/ինքնին` թերակատարուած եւ անորակ/ դեռ կրթական որակ չէ, ինչպէս որակի չափանիշ չեն ձախողուած եւ ոչ բաւարար փորձարկում անցած, բայց պարտադրուող դասագրքերը, մեխանիկական ատեստացիան (մեքենական վկայագրումը), նոյնքան արկածային ակադեմական քաղաքը… հանրակրթութեան կառավարման շարունակ փոփոխուող մոտելները եւ միմեանց յաջորդող իրաւական աքթերն (որոշումներն) ու չմարսուած օրէնքների փոփոխութիւնները: Կրթական հաստատութեան ժապաւէն կտրելն էլ դեռ գիտելիք ու կառավարում չէ, ոչ էլ` մրցունակ կրթական քաղաքականութեան գրաւական:
Ոլորտի բազմաթիւ փորձագէտների հարիւրաւոր առաջարկներ եւ լուծումներ մնում են մերժուած` ձայն բարբառոյ յանապատի, որովհետեւ քաղաքական մեծամասնութեան խմբակից չեն, որովհետեւ քաղաքական մեծամասնութիւնն այլ առաջնահերթութիւններով է առաջնորդւում:
«Լոզունգներով, անբովանդակ մեծախօսութեամբ, մակերեսային պատկերացումներով եւ այլակարծութիւնը մերժող պահուածքով չի կարելի ոլորտ կառավարել կամ քաղաքականութիւն մշակել. հէնց այս մասին է արձանագրուած արդիւնքը: Կրթութեան ոլորտում ցնցումների, սիրողական եւ ամբոխահաճոյ փորձարկումների կամ օտարածին օրակարգերի համար հանրութիւնն է վճարում եւ այն շատ թանկ գին ունի», դիտել կու տայ Լիլիթ Գալստեան:
«Ութ տարի շարունակ ռազմավարական կարեւորագոյն ուղղութիւն հանդիսացող կրթութեան (եւ ոչ միայն) համակարգը արկածախնդրութեան տարած եւ, առհասարակ, հանրութեանը այս աղէտալի փաստի առջեւ կանգնեցրած կառավարիչները պատասխանատուութիւն պիտի կրեն սրա համար: Նաեւ` կրթութեան պիւտճէի անարդիւնաւէտ ծախսի համար», կը շեշտէ Լ. Գալստեան:
Տեղի Ունեցաւ Մարալ Եւ Ժիրայր Փանոսեաններու «Երազ, Արուեստ, Երեւան» Խորագիրով Ցուցահանդէսը
Հինգշաբթի, 3 սեպտեմբերին, յետմիջօրէի ժամը 5:00-ին Երեւանի «Ժամանակակից արուեստի թանգարան»-ին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի մէջ գործող «ԱՅԲ թու ԶԵՏ» արուեստի ակադեմիայի հիմնադիրներ Մարալ եւ Ժիրայր Փանոսեաններու անհատական ցուցահանդէսի բացումը` «Երազ, արուեստ, Երեւան» խորագիրով:
Ցուցահանդէսի բացման երեկոն համախմբեց արուեստագէտներ, արուեստասէրներ եւ հիւրեր` ստեղծելով ջերմ ու հարազատ մթնոլորտ, որուն մէջ յատկանշական էր արուեստի ճամբով Հայաստանի եւ սփիւռքի կամրջումը:
Մարալ եւ Ժիրայր Փանոսեանները հայաստանեան արուեստասէր հանրութեան ներկայացան 40 գեղանկարներով, որոնց 25-ը` Ժիրայր Փանոսեանի իւղաներկ եւ ջրաներկ գործերը, իսկ 15-ը` իւղաներկ, Մարալ Փանոսեանի վրձինին պատկանող:
Ժիրայր Փանոսեանի գործերուն մէջ կ՛արտացոլան այն զգացումներուն, զորս ունեցած է վերջին շրջանի պատերազմին ստեղծած անորոշութենէն եւ ճնշիչ վիճակէն, ինչպէս նաեւ` բնութիւնը: Մարալ Փանոսեանի գործերը կը ցոլացնեն իր անհատական փորձառութիւնները` խանդավառութիւններ, յուսախաբութիւններ, երազանքներ, ամէն տեսակի ներքին մարդկային ապրումներ, ծնողքին կապուած յիշատակներ:
Ներկայացուած գործերուն 90 տոկոսը 2025-2026 տարեշրջաններու ստեղծագործութիւններ են:
Այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ Մարալ Փանոսեան ուրախութիւն յայտնեց «Ժամանակակից արուեստի թանգարան»-ին հետ գործակցութեան իբրեւ արդիւնք Հայաստանի մէջ իրականացած այս ցուցահանդէսին համար` նշելով, թէ նման առիթ մը երազն է նաեւ իւրաքանչիւր սփիւռքահայ արուեստագէտի:
Իր ներկայացուած գործերուն մասին խօսելով` Մ. Փանոսեան ըսաւ, որ հոն կան իր զգացական աշխարհին, նկարագրային գիծերուն արուեստի ճամբով դրսեւորումները` երբեմն հակասական, սակայն իրապաշտ:
Ժիրայր Փանոսեան նշեց, որ իր բնանկարներուն մէջ այս պարագային կանաչ գոյնը կը բացակայի, որովհետեւ վերջին շրջանին պատերազմներն ու արհաւիրքները այնքան ծանր եղան եւ ազդեցին մարդոց վրայ, որ բնութիւնը իր տեղը զիջեցաւ անօդաչու սարքերու, փուլ եկող շէնքերու, մարդկային սուր տագնապներու:
Բայց եւ այնպէս արուեստագէտները նշեցին, որ միշտ ալ պէտք է փնտռել լոյսը, թէկուզ փորձառութիւններն ու կացութիւնը ըլլան ծանր, որովհետեւ երազը միշտ ալ կ՛ապրի, ուստի պէտք է կառչիլ անոր:
«Արցախի Մետիայի Ձայները». Վաւերագրուած Պատմութիւն, Որ Կը Շարունակուի
Վերջերս Երեւանի Կինոտան մէջ կայացաւ Անի Մանկասարեանի հեղինակած «Արցախի մետիայի ձայները» փաստավաւերագրական ժապաւէնի շնորհահանդէսը:
Ժապաւէնը կը պատմէ Արցախի տեղեկատուական դաշտի պետական երեք լրատուամիջոցներու` «Ազատ Արցախ» թերթի, Արցախի հանրային ձայնասփիւռի եւ Արցախի հանրային հեռուստատեսութեան պատմութեան եւ գործունէութեան մասին, հակամարտութեան տարիներու ընթացքին:
Ժապաւէնին ստեղծումը պարզապէս լրագրական կամ շարժապատկերային նախագիծ չէր, այլ այդ տարիներու ընթացքին հաւաքուած յիշողութիւններն ու արժէքաւոր արխիւային նիւթերը մէկտեղելու, Արցախի մետիայի անցած ճանապարհը փաստագրելու եւ փոխանցելու աշխատանքն էր:
«Նպատակս էր ամբողջացնել այս մետիաներու անցած ճանապարհը, հաւաքել արժէքաւոր նիւթեր, հանդիպումներ ունենալ մետիա-աշխատակիցներու հետ եւ արձանագրել անոնց խօսքը», շնորհահանդէսի ժամանակ նշեց ժապաւէնին հեղինակը:
Արցախի մէջ գործած են բազմաթիւ այլ լրատուամիջոցներ` շրջանային ու մայրաքաղաքային թերթեր, գեղարուեստական մամուլ, թուային հարթակներ, որոնք մեծ աշխատանք տարած են: Սակայն ժապաւէնին մէջ ընտրուած երեք կառոյցները առանցքային եղած են ո՛չ միայն իբրեւ տեղեկատուութեան աղբիւրներ, այլեւ` իբրեւ հասարակութիւնը միաւորող եւ պետականութիւնը համակարգող կարեւոր խորհրդանիշներ:
Ժապաւէնի ստեղծման ընթացքին հեղինակն ու ստեղծագործական խումբը հաւաքած են մեծածաւալ արխիւային նիւթեր եւ զրուցած` Արցախի մետիայի տարբեր տարիներու աշխատակիցներու հետ: Այս աշխատանքը յատկապէս արժէքաւոր է այսօր, երբ այդ պատմութեան մեծ մասը մեզի կը հասնի արդէն կորսուած հայրենիքի յիշողութեան եւ վկայութիւններու միջոցով:
Ժապաւէնը թարգմանուած է նաեւ անգլերէնի, որ կարելիութիւն կ՛ընձեռէ զայն ներկայացնելու միջազգային հարթակներու մէջ եւ Արցախի մետիայի պատմութիւնը հասանելի դարձնելու աւելի լայն լսարանի:
Հաղորդենք, որ շնորհահանդէսը կազմակերպուեցաւ «ԴԻԱԼՈԳ» հասարակական կազմակերպութեան կողմէ: Արցախի մետիայի պատմութիւնը տեղահանութեամբ չէ աւարտած: Արցախի հանրային հեռուստատեսութիւնը այսօր ալ կը շարունակէ իր գործունէութիւնը Հայաստանի մէջ` սուղ պայմաններով եւ փոքրաթիւ խումբով: Շարունակուող աշխատանքը լաւագոյն վկայութիւնը կը հանդիսանայ, որ Արցախի մասին պատմելու, յիշողութիւնը պահպանելու եւ տեղի ունեցածը փաստագրելու առաքելութիւնը կը շարունակուի:
Շնորհահանդէսին ներկայ գտնուեցան` արցախցի լրագրողներ, լրատուական աշխատակիցներ, մշակոյթի գործիչներ, գրողներ:
Ժապաւէնին հեղինակային խումբի աշխատանքը բարձր գնահատեց նաեւ Սերգէյ Շահվերդեանը: Ան արցախեան առաջին պատերազմի ժամանակ կը լուսաբանէր պատերազմական գործողութիւնները` զանոնք հասանելի դարձնելով արտասահմանեան մամուլին:
«Ժապաւէնին մէջ մենք տեսանք Արցախի մետիայի ամփոփ նկարագիրը տարիներու ընթացքին: Համոզուած եմ, որ շուտով լոյս պիտի տեսնեն նաեւ ժապաւէններ` Ստեփանակերտի թատրոնի, Արցախի մշակութային ժառանգութեան մասին, որ շատ կարեւոր կը համարեմ», նշեց ան:
«Արցախի մետիայի ձայները» Անի Մանկասարեանի եւ ստեղծագործական խումբի մեծ ու հետեւողական աշխատանքին արդիւնքն է: Ժապաւէնին մէջ հաւաքուած արխիւը, մարդոց յիշողութիւնները եւ վկայութիւնները կարեւոր փաստագրական արժէք ունին եւ կրնան հիմք դառնալ Արցախի մետիայի պատմութեան հետագայ ուսումնասիրութիւններուն համար:
Անիին կատարած աշխատանքի կարեւորութիւնը այսօր յատկապէս մեծ է. երբ հայրենիքի մէջ այլեւս կարելի չէ շարունակել այդ պատմութիւնը նոյն պայմաններուն մէջ, նոյնանման նախաձեռնութիւնները կ՛օգնեն պահպանել այն, ինչ այլապէս կրնար կորսուիլ ժամանակի ընթացքին:
«Արցախի մետիայի ձայները» ո՛չ միայն անցեալի մասին ժապաւէն է, այլեւ յիշողութիւնը պահպանելու, ձայները չլռեցնելու, պատմութիւնը շարունակելու փորձ է:
Շնորհահանդէս` Աշխէն Յարութիւնեանի «Քշաթոխպ» Արցախի Բարբառով Պատմուածքին Եւ Լիլիթ Մկրտչեանի «Քարհանգուստ» Գիւմրիի Բարբառով Պատմուածքներու Ժողովածուին
Երեւանի մէջ «Թէքէեան կեդրոն» հիմնադրամի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ երկու գիրքի շնորհահանդէս: Առաջինը` Աշխէն Յարութիւնեանի «Քշաթոխպ» պատմուածքը, որ Շուշիի մասին է` գրուած Արցախի բարբառով: Իսկ երկրորդը Լիլիթ Մկրտչեանի «Քարհանգուստ» պատմուածքներու ժողովածուն է` գրուած Գիւմրիի մասին, Գիւմրիի բարբառով: Երկու գիրքերուն տպագրութիւնը իրականացուած է լոնտոնաբնակ բարերար, «Թէքէեան կեդրոն» հիմնադրամի հոգաբարձու Բագրատ Նազարեանի եւ «Թէքէեան կեդրոն» հիմնադրամի հովանաւորութեամբ:
Շնորհահանդէսին ներկայ գտնուեցան` Թէքէեան մշակութային միութեան նախագահ Ռուբէն Միրզախանեանը, գիրքերու հեղինակները, գրողներ, գրականագէտներ, մշակոյթի գործիչներ, արցախցիներ, գիւմրեցիներ, հիւրեր:
Ներկաները ողջունեց «Թէքէեան կեդրոն» հիմնադրամի տնօրէն Արմէն Ծուլիկեանը: Ան ըսաւ, որ հայոց 2 քաղաքներուն մասին գիրքերուն մէջ նկարագրուած են` մեր աշխարհագրութիւնը, մեր պատմութիւնը, մեր աւանդոյթները, անոնց բնակիչները: Բովանդակութենէն բացի` շեշտեց այն հանգամանքը, որ անոնք գրուած են բարբառներով: Ան նշեց. «Մենք օրինակ կը հանդիսանանք, որպէսզի ուրիշներուն ալ նպաստեն եւ մեր բարբառներով, արեւմտահայերէնով աւելի շատ գրական գործեր ստեղծուին»:
Ծնունդով գիւմրեցի գրականագէտ, նկարիչ Լեւոն Լաճիկեան իր խօսքին մէջ առանձնացուց հանգամանք մը, որ հայոց 2 քաղաքները` Գիւմրին եւ Շուշին, շատ նման են իրարու` մշակոյթի զարգացման առումով: Երկու քաղաքներուն մէջ ալ շատոնց թատրոններ գործած են, թերթեր տպագրուած, մշակոյթի գործիչներ ծնած, երաժշտութիւն գրուած, արհեստներ զարգացած: Եւ այսօր նոյն քաղաքներուն մասին ներկայացուող գիրքերուն հեղինակները մէկը Շուշիէն, միւսը Գիւմրիէն են: «Նաեւ նման են այդ երկու քաղաքները ողբերգութեան առումով: 19 մարտ 1920-ին լոյս 20-ի գիշերը տեղի ունեցաւ Շուշիի հայութեան սպանդը: Ասկէ 16 տարի ետք Լենինականի երկրաշարժն էր` ժաժքը…», աւելցուց Լ. Լաճիկեան: Խօսելով «Քարհանգուստ» գիրքի մասին` նշեց, որ անոր հերոսները գիւմրեցիներն են` իրենց իւրայատուկ կատակասիրութեամբ, քոլորիտով: «Գիւմրեցիի ապրելակերպը պարզ է, ան կրնայ ծիծաղիլ ցաւի մէջ, կատակել` կորուստի կողքին ու պահել արժանապատուութիւնը` նոյնիսկ ամենադժուար պահերուն», նշեց ան:
Արցախի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մարմնակրթութեան նախկին նախարար, այժմ Երեւանի Յովհաննէս Թումանեանի թանգարանի տնօրէն Լուսինէ Ղարախանեան, խօսելով Ա. Յարութիւնեանի «Քշաթոխպ» գիրքի եւ անոր գլխաւոր հերոսի` Ամոսիկի մասին` նշեց, որ իսկական արցախցի է Ամոսիկը: «Արցախեան բարբառը գիրքի բովանդակութիւնը, վաւերականութիւնը դարձուցած է շատ յուզիչ եւ շատ հարազատ»: «Այսօր կը փորձեն մոռացութեան ալիքի ծածկել այն ամէնը, ինչ մենք ունեցած ենք Արցախ աշխարհին մէջ. մեր յիշողութիւնները: Մոռացութեան ալիքի մատնել մեր ողբերգութիւնը, որ տեսակ մը հինցած կը թուի յատկապէս օտարներուն համար: Արմինէ Յարութիւնեանի «Քշաթոխպ» գիրքին ծնունդը յիշողութեան վերականգնում է, դիմադրութիւնն է այդ մոռացութեան ալիքին», իր խօսքին մէջ շեշտեց բանաստեղծ, արձակագիր, Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Արցախի գրասենեակի տնօրէն Հերմինէ Աւագեանը: Գիրքերու տպագրութեան հովանաւոր Բագրատ Նազարեան նոյնպէս շեշտեց այն, որ անոնք գրուած են բարբառներով, որոնք ալ զինք աւելի կ՛ոգեւորեն: Ա. Յարութիւնեան ըսաւ` ունի նաեւ այլ ստեղծագործութիւններ, որոնք հիմնականօրէն պատերազմի մասին են եւ գրական հայերէնով գրուած են: «Շատ ուրախացայ, որ պարոն Նազարեանը առաջարկեց այս գիրքը տպագրել, որովհետեւ այն արցախեան բարբառով է եւ թիրախային: Գիտեմ, որ շատերը թերեւս չհասկնան բարբառով գրութիւնը, իսկ այս կը նշանակէ, որ մեր մէջ դեռ ինչ-որ բան էն չէ, եւ ինչ-որ բան պէտք է փոխել: Յուսամ` կու գայ այն ժամանակը, որ կը հասկնանք մեր բոլոր բարբառները», նշեց հեղինակը:
Շնորհահանդէսէն ետք հեղինակները իրենց ստորագրութեամբ գիրքերը նուիրեցին ներկաներուն, այդ շարքին` «Գուրգէն Մելիքեանի` Քաշաթաղի բազմազաւակ ընտանիքներուն հիմնադրամ»-ի (ԳՄՔԲԸՀ) գործադիր տնօրէն Գուրգէն Մելիքեանին, որ տարիներու ընթացքին մեծ աջակցութիւն ցուցաբերած է արցախցիներուն եւ ցարդ կը շարունակէ ցուցաբերել:
Գիրքերու շնորհահանդէսին զուգահեռ` «Թէքէեան» կեդրոնի ցուցասրահին մէջ բացումը կատարուած էր Հադրութի մանկապատանեկան ստեղծագործութիւններու կեդրոնի սաներու եւ աշխատակիցներու ձեռքի աշխատանքներուն, նկարներուն ցուցահանդէս-վաճառքին: Կեդրոնի տնօրէն Իրա Թամրազեան ներկայացուց ցուցադրուած նմուշները եւ անդրադարձաւ կատարուած աշխատանքներուն:
Հայաստանի Ազգային Գրադարանին Մէջ Բացումը Կատարուած Է Սահմանափակ Կարողութիւններ Ունեցողներուն Համար Ընթերցասրահի
Հայաստանի Ազգային գրադարանի առաջին յարկին վրայ նոր ընթերցասրահ մը բացուած է` նախատեսուած սահմանափակ կարողութիւններ ունեցող ընթերցողներու համար:
Ընթերցասրահը ստեղծուած է ամերիկահայ գրադարանավար Ծիածան (Ջիա) Այվազեանի կտակին համաձայն` իբրեւ յատուկ նախագիծ Հայաստանի Ազգային գրադարանի ընթերցողներուն համար:
«Աջակից ընթերցասրահ» խորհրդանշական անուանումով այս միջավայրին մէջ իւրաքանչիւր ընթերցող կրնայ հաւասար հիմունքներով եւ իր կարիքներուն համապատասխան օգտուիլ գրադարանի աղբիւրներէն, կրթական եւ մշակութային կարելիութիւններէն: Ընթերցասրահը համալրուած է ձայնագիրքերով, Պրայլեան գրատիպով եւ այլընտրանքային հրատարակութիւններով, ինչպէս նաեւ` ժամանակակից արհեստագիտական լուծումներով: Ներդրուած միջոցներն ու արհեստագիտութիւնները կարելիութիւն կու տան գրականութիւնն ու տեղեկատուութիւնը ներկայացնելու տարբեր ձեւաչափերով` նպաստելով գրադարանային ծառայութիւններու առաւել յարմարաւէտ, արդիւնաւէտ եւ մատչելի կազմակերպման:
Ընթերցասրահի բացման ներկայ գտնուեցան` Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարի տեղակալ Ալֆրետ Քոչարեանը, Ազգային գրադարանի տնօրէն Աննա Չուլեանը, Ծիածան (Ջիա) Այվազեանի ընտանիքի անդամները` եղբայրը` Ադամ Այվազեանը, անոր կինը եւ թոռները, Ազգային գրադարանի ընթերցողները, աշխատակիցները, «Զինուորի տուն» վերականգնողական կեդրոնի եւ Սոկրատ Շահնազարեանի անուան մշակոյթի տան ներկայացուցիչները:
«Հայաստանի կառավարութիւնը սահմանափակ կարողութիւններով մարդոց համար կարելիութիւններ ստեղծելը կարեւոր առաջնահերթութիւն կը համարէ: Անոր նպատակն է, որ քաղաքացիները ունենան հաւասար կարելիութիւններ` օգտուելու բոլոր ենթակառուցուածքներէն», բացման խօսքին մէջ ըսած է կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարի տեղակալ Ալֆրետ Քոչարեանը` ներկայացնելով նախաձեռնութիւնը:
Անդրադառնալով Ազգային գրադարանին մէջ բովանդակային եւ ենթակառուցուածքային բարեփոխումներուն` ան նշած է, որ այդ ուղղութեամբ պետութիւնը հետեւողական ջանքեր կը գործադրէ, միաժամանակ կարեւոր կը համարուի բարերարներու հետ համագործակցութիւնը` «քաղաքացիները պետութեան կողքին եւ պետութիւնը` քաղաքացիներուն» սկզբունքով:
«Յուզիչ է, երբ մարդը կ՛ապրի իր միջոցները այլ մարդոց բարօրութեան ուղղելու բարձր գաղափարով: Առանձնայատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Այվազեան ընտանիքին Ծիածան (Ջիա) Այվազեանի կամքն ու նախաձեռնութիւնը կեանքի կոչելու համար», յայտնած է նախարարին տեղակալը:
Հայաստանի Ազգային գրադարանի տնօրէն Աննա Չուլեան շնորհակալութիւն յայտնած է նախաձեռնութեան մասնակից բոլոր կողմերուն` յաջողած համագործակցութեան համար: Ան նշած է, որ գրադարանները` իբրեւ մարդակեդրոն հիմնարկներ, աշխարհին մէջ երեւի թէ միակը մնացած են, որոնք անվճար են եւ հասանելի հասարակութիւններու համար` պահպանելով գրադարանային փիլիսոփայութիւնը: «Գրադարանէն օգտուելու հասանելիութիւնը սահմանափակ կարողութիւններով անձանց համար աւելի քան առաջնային է», նշած է Աննա Չուլեան` երախտագիտութիւն յայտնելով բարերար Ծիածան (Ջիա) Այվազեանին եւ անոր ընտանիքին:
Ծիածան (Ջիա) Այվազեանի ընտանիքին անդամները եւս հանդէս եկած են խօսքերով: «Այս նախաձեռնութեամբ Ծիածան (Ջիա) Այվազեանը պարզապէս յիշողութիւն չէ. ան կենդանի է` իբրեւ հոգիի շքեղութիւն, որ օրինակելի պիտի ըլլայ սերունդներու համար», նշած է եղբօր թոռը` Նեթան Գրիգորի Այվազեանը:
Ներկայացուած է նաեւ Ծիածան (Ջիա) Այվազեանի գործունէութիւնը: Ան նախապէս շուրջ 11 հազար կտոր գրականութիւն նուիրած է գրադարանին: Հայ գրադարանավարներու հետ ունեցած սերտ համագործակցութեան եւ գրադարանային գործի զարգացման մէջ ունեցած նշանակալի աւանդին համար 1991 թուականին Հայաստանի Ազգային գրադարանին կողմէ պարգեւատրուած է «Յակոբ Մեղապարտ» յուշամետալով` իբրեւ անոր գործունէութեան ամէնէն բարձր գնահատական Հայաստանի մէջ:


