Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ովքե՞ր Են Սպանել Ջեմալ Փաշային»

Յունիս 30, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳՐԻԳՈՐ ՏՈՒՆԿԵԱՆ

Տրամադրութեանս տակ ունիմ «Ովքե՞ր են սպաննել Ճեմալ փաշային» գիրքին երրորդ հրատարակութենէն օրինակ մը, որուն հեղինակն է Լոռիի Շահնազար, ներկայիս Մեծաւան գիւղը ծնած Միքայէլ Սողոմոնի Այվազեանը, որ դեռ պատանի` լքելով հայրենական գիւղը, հաստատուած է Թիֆլիս եւ զբաղած` լրագրութեամբ:

1915-ին միացած է կամաւորական Ա. գունդին:

Գիրքը կը ներկայացնեմ յարգելի ընթերցասէրներուն` նորատիպ մը ներկայացնելու սովորական ձեւաչափերէն անդին որոշ մանրամասնութիւններով, որովհետեւ ժամանակի փոշիներէն ազգային հպարտութիւն ներշնչող պատմութիւն մը լոյս աշխարհ բերող եւ պատմութիւն ունեցող գիրք մըն է ձեռքիս:

Հետախուզական, քննական լրագրութեան օրինակ հանդիսացող աշխատութիւն մըն է ան, որ գեղարուեստական գրական երկ մը չըլլալով հանդերձ, հեղինակի լայն դիտադաշտի մանրամասն նկարագրումներով ընթերցողը կը վերածէ տեսաժապաւէն դիտողի, որ ինքզինք մէկ մասնիկը կը զգայ գործողութիւններու դաշտին:

Հեղինակը, իր հիմնական նիւթին առընթեր, թանկագին տեղեկութիւններ կու տայ  պրպտումներուն ընթացքին հաւաքած Բաբերդ` Խոտորջուրի հայութեան 1915-ի ինքնապաշտպանութեան կռիւներու կազմակերպման, տեղահանութեան եւ կոտորածներու պատմութեան մասին: Կը յուսամ, որ այս բաժինը լրամշակումով, օր մը արժանանալով առանձին հրատարակութեան, կը համալրէ 1915-ին մղուած հերոսամարտերու պատմութիւնը:

Մ. Ա. անդրադարձած է նաեւ Ա. Աշխարհամարտի, պաղեստինեան ճակատին վրայ Ճեմալ փաշային կողմէ հայ գաղթականութեան հանդէպ գործադրուած գազանութիւններուն:

Ահմետ Ճեմալ փաշան Սուրիոյ եւ Լիբանանի պատմութեան մէջ ծանօթ արիւնահեղ նո՛յն Ճեմալ փաշան է` Դամասկոսի եւ Պէյրութի մէջ ազատականները կախաղան բարձրացնող:

Հեղինակը իր նիւթին առնչակից տուեալներու պրպտումին եւ հաւաքին սկսած է 1923 թուականին, նիւթի ամբողջացման համար տրամադրած է շուրջ յիսուներկու տարի, գործած է վտանգաւոր պայմաններու մէջ` հնարաւոր գաղտնապահութեամբ:

Ցեղասպանութեան վաթսունամեակին աւարտած հեղինակային այս կոթողական գործը կարելի չէր հրատարակել Խորհրդային Միութեան օրերուն: Այդ իսկ պատճառով հեղինակը բնագիրը յանձնած էր իր վստահելի ազգականին` Առաքել Աւետիսեանին, որպէսզի պահէ զայն ապահով իր տան նկուղը:

Մեքենագիր բնագրին վիճակուած էր քառասուն տարի թաքստոցի մէջ մնալ, մինչեւ որ 2015-ին, երբ այլեւս չկային արգելակող պայմանները, եւ արդէն մահացած էր Միքայէլ Այվազեանը, իր թոռները` Հրանդ, Մարինա, Նունէ եւ Գայեանէ, բացայայտելով իրենց մեծ հօր աշխատութեան բնագիրը, կ՛որոշէին զայն հրատարակելով արժանին հատուցած ըլլալ իսկական հայուն` Մ. Ա.-ի յիշատակին: Գիրքը առաջին անգամ լոյս տեսած է 2015-ին, իսկ երկրորդ անգամ լրամշակուած կերպով` 2016-ին, Երեւան, «Ֆինոմէն» հրատարակչատունէն:

Գիրքը երրորդ անգամ հրատարակուած է 2020-ին, Պէյրութ, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարանէն: Խմբագիրն է Կարօ Յովհաննէսեան:

Երրորդ հրատարակութեան առիթով բնագիրին ուղղագրութիւնը վերածուած է մեսրոպեանի, ինչպէս նաեւ գիրքին աւելցուած է նիւթին հետ անմիջական աղերս ունեցող Աղասի Ազիզեանի «Արխիւային վաւերագրեր Ճեմալ փաշայի սպանութեան մասին» ուսումնասիրութիւնը:

Գիրքը կը բաղկանայ 19×13 սմ չափի 285 էջերէ:

Հեղինակը տեղեկահաւաքի վտանգալից գործը կատարած է հնարաւոր գաղտնապահութեամբ` յանուն պատմական ճշմարտութէան բացայայտումին եւ փաստագրումին: Առ այդ, հատորը կը ներկայանայ մեզի ոչ միայն որպէս պատմութիւն դարձած եղելոյթի մը համապարփակ նկարագրութիւն, այլեւ կը դառնայ անոր վաւերական փաստագրումը:

Ցեղասպանութեան պատասխանատու այլ յանցագործներու արդարահատոյցները աւելի ուշ յուշագրութիւններով տուած են իրենց գործողութիւններու մասին որոշ նկարագրութիւններ եւ մանրամասնութիւններ, սակայն Ճեմալ փաշայի հատուցարարները երկար ժամանակ Չեկային աչքէն թաքնուած մնացած ըլլալու պատճառով եւ հալածանքներու տեղի չտալու համար չեն ունեցած յուշագրութիւններ եւ հրապարակումներ:

Մ. Ա.-ի այս աշխատութիւնը առայժմ միակ համապարփակ պատմութիւնն է, ուր կը նկարագրուի եւ կը փաստագրուի, որ արդարահատոյցները խոտորջուրցի երեք հայորդիներ են` Արտաշէս Գէորգեան, Ստեփան Ծաղիկեան, Պետրոս Տէր Պօղոսեան, ինչպէս նաեւ 21 յուլիս 1922-ին, երեկոյեան ժամը 10:00-ի մօտ, Թիֆլիսի Պետրոս Մեծ փողոցի մէջ, Չեկայի շէնքէն ոչ հեռու անոնց իրականացուցած յանդուգն գործողութիւնը, ՀՅԴ 9-րդ Ընդհանուր ժողովի գաղտնի որոշման հիման վրայ, ՀՅԴ Ամերիկայի ԿԿ-ի նախաձեռնած «Նեմեսիս» ծրագրի որպէս մէկ օղակը, ՀՅԴ Վրաստանի ԿԿ-ի կազմակերպումով:

Իրականութեան չեն համապատասխաներ հետագային քաղաքական տարբեր հոսանքներու կողմէ վերջինս որդեգրելու նկրտումները, նոյնիսկ` որպէս իրագործողներ խորհրդային իրաւական ատեաններ ներկայացնող անձերու ստապատիր խոստովանութիւնները:

 

Նախորդը

«Հայաստանն ու Ազրպէյճանը Խրախուսած Եմ Դէպի Խաղաղութիւն Յառաջընթացը Շարունակելու», Կ՛ըսէ Սալիվըն

Յաջորդը

Ազգ. Առաջնորդարանի Ճամբով 1.3 Միլիոն Տոլար Կը Տրամադրուի Ազգ. Վարժարաններու Կրթական Ծրագիրներու Արդիականացման

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իշխանափոխութիւնը Ազգային Առաջնահերթութիւն Է

Հոկտեմբեր 1, 2025
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

Սեւանի Հորթուկը

Հոկտեմբեր 1, 2025
Լոյս Տեսաւ «Ռուբէն Զարդարեանի Անտիպ Նամակները» Ժողովածուն
Անդրադարձ

Լոյս Տեսաւ «Ռուբէն Զարդարեանի Անտիպ Նամակները» Ժողովածուն

Սեպտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?