Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայաստանն ու Ազրպէյճանը Խրախուսած Եմ Դէպի Խաղաղութիւն Յառաջընթացը Շարունակելու», Կ՛ըսէ Սալիվըն

June 29, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանն ու Ազրպէյճանը խրախուսած եմ դէպի խաղաղութիւն յառաջընթացը շարունակելու։ Այս մասին «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդատու Ճէյք Սալիվըն։

«Հաճելի է այսօր Սպիտակ տան մէջ միասին հիւրընկալել Արարատ Միրզոյեանն ու Ճէյհուն Պայրամովը։ Ես Հայաստանն ու Ազրպէյճանը խրախուսած եմ շարունակելու դէպի խաղաղութիւն յառաջընթաց արձանագրելու, ինչպէս նաեւ խուսափելու սադրանքներէն եւ թուլացնելու լարուածութիւնը՝ վստահութիւն ձեւաւորելու համար», գրած է Սալիվըն։

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերի տեղակալ Վետանթ Փաթել մէկ օր առաջ յայտնած էր, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ նոր բախումները չեն ազդած Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումներու ժամանակացոյցին վրայ՝ աւելցնելով.«Ամէն ինչ պիտի շարունակէ ընթանալ նախատեսուածի պէս»։

«Վերջին միջադէպերը ընդգծեցին տեւական ու արժանապատիւ խաղաղութեան հասնելու անհրաժեշտութիւնը։ Միացեալ Նահանգներ յանձնառու են օգնելու կողմերուն ատոր հասնելու, եւ արտաքին գործոց նախարար Պլինքըն անմիջականօրէն ներգրաւուած է խաղաղ հոլովոյթին մէջ։ Ուղիղ երկխօսութիւնը խնդիրներու լուծման ու տեւական եւ արժանապատիւ խաղաղութեան հասնելու բանալին է։ Արտաքին գործոց նախարարներու հետ երէկուան հանդիպումները կառուցողական էին։ Եւ մենք կը շարունակենք այս քննարկումները զարգացնել այսօր եւ վաղը, քանի դեռ խաղաղ բանակցութիւնները կը շարունակուին», ըսած էր Փաթել։

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլլըր իր կարգին «Թուիթըր»-ի վրայ գրած էր, որ Միացեալ Նահանգներ հաւատարիմ են կողմերուն օգնելու Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան հասնելու հարցին մէջ։

«Մենք խորապէս մտահոգուած ենք Ղարաբաղի մէջ մարդկային կորուստներով։ Վերջին իրադարձութիւնները կ’ընդգծեն զինուորական գործողութիւններէն զերծ մնալու եւ տեւական ու արժանապատիւ խաղաղութեան հասնելու անհրաժեշտութիւնը։ Միացեալ Նահանգներ հաւատարիմ են կողմերուն այդ նպատակին հասնելու օգնելու», գրած է Միլլըր։

Նախորդը

ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Ողջոյնի Գիրերը՝ Գանատայի Եւ Յունաստանի Վարչապետներուն

Յաջորդը

«Ովքե՞ր Են Սպանել Ջեմալ Փաշային»

RelatedPosts

Ս. Էջմիածինի Մէջ Հայրապետական Սուրբ Պատարագ` Սուրբ Ծննդեան Եւ Աստուածայայտնութեան Տօնին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Ս. Էջմիածինի Մէջ Հայրապետական Սուրբ Պատարագ` Սուրբ Ծննդեան Եւ Աստուածայայտնութեան Տօնին Առիթով

January 9, 2026
Եկեղեցական Ղեկավարներ Լեւոն ԺԴ. Պապին  Կոչ Կ՛ուղղեն Հայ Գերիներու Ազատ Արձակման Համար
Հայկական

Եկեղեցական Ղեկավարներ Լեւոն ԺԴ. Պապին Կոչ Կ՛ուղղեն Հայ Գերիներու Ազատ Արձակման Համար

January 6, 2026
Ս. Էջմիածինը Կը Հակադարձէ Անջատուած  Եպիսկոպոսներու Ստորագրած Յայտարարութեան
Հայկական

Ս. Էջմիածինը Կը Հակադարձէ Անջատուած Եպիսկոպոսներու Ստորագրած Յայտարարութեան

January 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.