Թուրքիոյ խորհրդարանի նորընտիր նախագահ Նուման Քուրթուլմուշ թրքական «Թէ.Ռէ.Թէ. Հապեր» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին անդրադարձած է Սուրիոյ, Եգիպտոսի եւ Հայաստանի խորհրդարանին մէջ բարեկամական խումբի ձեւաւորման հաւանականութեան մասին:
Ըստ անոր, «Սկզբունքային առումով ձեր թուարկած, թերեւս նաեւ չթուարկած երկիրներու, որոնց հետ քաղաքական խնդիր ունինք, ժողովուրդներու հետ որեւէ խնդիր չունինք», աւելցնելով, որ իրենք նշեալ երկիրներու ժողովուրդներուն նկատմամբ թշնամանք չեն տածեր:
«Մեզմէ չբխող պատճառներով լարուածութիւններ եղած են, եղած են կէտեր, երբ յարաբերութիւնները խզուած են, եղած են ժամանակներ, երբ երկխօսութիւն չէ եղած, սակայն, ի վերջոյ, ձեր թուարկած երկիրներու եւ միւս բոլոր երկիրներու ժողովուրդները մեր բարեկամներն են, մէկ մասը մեր դրացի, մէկ մասը մեր եղբայր երկիրներն են: Հետեւաբար Թուրքիոյ ակնկալութիւններէն է, որ իբրեւ այստեղի ժողովուրդներու հետ բարեկամութեան բնական արդիւնք` գոյութիւն ունեցող քաղաքական հարցերը արագօրէն հարթուին, այդ հարցերը դուրս բերուին օրակարգէն, եւ ի շահ երկիրներու ժողովուրդներու` երկկողմ յարաբերութիւնները ամրապնդուին»:
Ան անուղղակի կերպով «մեր խնդիրը ձեզի հետ չէ,այլ ձեր իշխանութիւններուն հետ» յայտարարելով` նշեալ երկիրներու ժողովուրդներուն ու անոնց իշխանութիւններուն միջեւ սեպ խրելու փորձ կը կատարէ, ինչ որ քաղաքականութեան մէջ կը նկատուի թշնամական քայլ, որքան ալ դրականութեան շղարշով պարուրուած ըլլայ այդ: Պարզ խօսքով, անոր կատարածը շողոքորթութիւն է, եւ` ոչ աւելին:
Ըստ անոր, լարուածութիւնները «մեզմէ չբխող պատճառներով» եղած են: Կարծէք` թրքական ուժերը Սուրիա չեն ներխուժած, անոր հողերը չեն բռնագրաւած, թրքական պետութիւնը «թշնամանք չէ տածած», հայ ժողովուրդին դէմ ցեղասպանութիւն չէ գործած, Արցախի դէմ բոլոր թշնամական քայլերուն` հողերու բռնագրաւման ու 120 հազար հայերու շրջափակման ուղղակի մասնակցութիւն չէ բերած, Հայաստանի հետ սահմանը չէ փակած եւ այսօր ալ հայկական օդանաւային ընկերութիւններուն առջեւ իր օդային տարածքը չէ փակած:
Քուրթուլմուշի վերոնշեալ զրոյցին մէջ միայն մէկ խօսքն է ճշմարիտ. Թուրքիոյ ակնկալութիւնը, որ` «Այդ հարցերը օրակարգէն դուրս բերուին»: Ան այդպիսով հնչեցուց թրքական պետութեան հարիւրամեայ պահանջը: Անկէ այլ բան ալ կարելի չէր ակնկալել: Ի վերջոյ, ճիշդ է, որ իշխանութիւնները փոխուած են, սակայն ինչպէս ժողովրդային իմաստութիւնը դիպուկ կերպով կը նշէ, օձը իր մաշկը կը փոխէ, սակայն` ոչ իր էութիւնը:
Դժբախտաբար Հայաստանի իշխանութիւնները ականջ չեն տար իրենց ժողովուրդի իմաստութեան, եւ թերեւս կարելի չէ ու անտեղի ալ է զարմանալ…
Անոնք պատրաստ են ամէն բան զիջելու` յանուն իր ազգայնամոլութիւնը չթաքցնող Թուրքիոյ հետ եղբայրութեան. Հայաստանի Հանրապետութեան զինանշանէն հրաժարելու իբրեւ նախաքայլ` զայն ներկայիս հետ առնչութիւն չունեցող կը նկատեն, նոյն վերաբերմունքը ցոյց կու տան ազգային օրհներգին, Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հարցը աւարտած կը նկատեն, «Արցախը Հայաստան է եւ վերջ» յայտարարելէ ետք «Արցախը Ազրպէյճան է եւ վերջ» կը յայտարարեն, եւ դեռ ինչե՜ր ըսէք` պիտի չլսենք ու չտեսնենք, եթէ մեր ժողովուրդը չսթափի, Երեւանի ճաշարանները յաճախելը իր միակ ու գերակայ օրակարգը նկատելէն չդադրի եւ այդ ջայլամի քաղաքականութենէն չհրաժարի:



