10 յունիսին, Սուտանի մայրաքաղաք Խարթումի մէջ յայտնաբերուած է 2 հայ կնոջ դիակ: Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութենէն «Փաստինֆօ»-ին հաստատած են այս տեղեկութիւնը` նշելով, որ անոնք ենթադրաբար սովամահ եղած են յունիսի առաջին օրերուն:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդումով` սուտանցիները որոշ ժամանակ օգնած են հայազգի քոյրերուն սնունդ հայթայթելու հարցին: Հետագային, սակայն, խնդիրներ յառաջացած են, եւ քոյրերը շարունակ առանց սնունդի մնացած են:
«Խարթումի մէջ կացութեան վատթարանալէն առաջ` քաղաքէն դուրս գալու օրերուն, երկու հայ քոյրերուն նոյնպէս առաջարկուած է լքել քաղաքը, սակայն տարեց քոյրը տեղափոխուելու խնդիր ունեցած է, իսկ կրտսեր քոյրը (61 տարեկան) չէ ուզած քաղաքէն դուրս գալ: Ուստի կրտսերը մնացած է աւագ քոյրը խնամելու: Քոյրերէն մէկուն անունը Զուարթ Եկաւեան է», կը բացատրէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը` վկայակոչելով Սուտանի հայ համայնքի ներկայացուցիչները:
Սուտանի մէջ քաղաքացիական պատերազմ տեղի կ՛ունենայ: Երկրի բանակին եւ Արագ արձագանգման ուժերուն միջեւ զինեալ բախումները վերսկսած են, եւ կացութիւնը հետզհետէ կը վատթարանայ: Երկրի որոշ շրջաններուն մէջ կատաղի մարտեր տեղի կ՛ունենան:


