Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ բանակցութիւններէն ետք յայտարարած է, որ «Զանգեզուրի միջանցք»-ի բացումը անխուսափելի է: Այս մասին կը հաղորդեն ազրպէյճանական լրատուամիջոցները:
«Մենք քննարկած ենք «Զանգեզուրի միջանցք»-ի շուտափոյթ բացումը: Ատիկա անխուսափելի է, եւ որքան շուտ, այնքան լաւ: Մենք պիտի աւելցնենք մեր ջանքերը այս հարցին մէջ: Այդ միջանցքի բացումը կարելիութիւններ պիտի ստեղծէ բոլոր երկիրներուն համար», ըսած է Ալիեւ:
Ան նաեւ աւելցուցած է, որ միջազգային օրէնքը «չի գործեր», այսօր աշխարհի վրայ առաջին գիծ կը մղուի «ուժ»-ի գործօնը:
«Այսօր աշխարհի վրայ առաջին գիծ կը մղուի «ուժ»-ի գործօնը: Ցաւօք, միջազգային օրէնքը չի գործեր: Ասիկա մենք տեսանք մեր տարածքներու 30-ամեայ բռնագրաւման ժամանակ: Բանակցութիւններն ու քննարկումները արդիւնք չտուին: Մենք արդիւնքի հասանք մեր ուժերուն շնորհիւ», ըսած է ան:


