Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրանսայի Մէջ Նախագահական Ընտրութեան Քարոզչական Արշաւը Ընթացք Առաւ

March 21, 2012
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ֆրանսայի նախագահական ընտրութեանց թեկնածուները

Ֆրանսայի մէջ երէկ պաշտօնապէս ընթացք առաւ նախագահական ընտրութեան քարոզչական արշաւը, եւ այսուհետեւ զանգուածային բոլոր լրատուամիջոցները իւրաքանչիւր թեկնածուի պէտք է հաւասար եթերային պայմաններ ապահովեն:

Թուլուզի հրէական դպրոցին մէջ կատարուած ահաբեկչութիւնը ընտրապայքարի սկիզբը իր ստուերին տակ առաւ: Նախագահութեան թեկնածուներ Նիքոլա Սարքոզի եւ Ֆրանսուա Հոլլանտ յայտարարեցին, որ այդ դէպքին պատճառով նախընտրական միջոցառումները այսօրուան կը յետաձգեն:

Ըստ վերջին հարցախոյզներուն, գործող նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի վերընտրուելու հաւանականութիւնը լրջօրէն աւելցած է: «Էլ. Աշ. 2» ընկերութեան կատարած հարցախոյզին համաձայն, Սարքոզիի վարկանիշը հասած է երկու տարուան առաւելագոյն ցուցանիշին. անոր ի նպաստ արտայայտուած է հարցախոյզի մասնակիցներուն 40 առ հարիւրը: Ասիկա տարեսկիզբին համեմատ 10 կէտով աւելի է:

Քաղաքագէտները կը նշեն, որ նախագահը յաջողած է լրատուամիջոցներուն մէջ ամէն օր երեւելու շնորհիւ իր դիրքերը ամրապնդել:

Ֆրանսայի հասարակական կարծիքի հիմնարկին տուեալներով` Սարքոզին 22 ապրիլին նախատեսուած ընտրութեան առաջին փուլի յառաջատար թեկնածուն դառնալու մեծ առիթներ ունի: Սակայն երկրորդ փուլին մէջ, որ նախատեսուած է 6 մայիսին, ան տակաւին կը զիջի նախագահութեան մէկ այլ թեկնածուի` Ֆրանսուա Հոլլանտին:

Ֆրանսայի նախագահի պաշտօնին համար կը պայքարի 10 թեկնածու: Սարքոզիի եւ Հոլլանտի կողքին ընտրութիւններուն պիտի մասնակցին Ազգային ճակատի ղեկավար Մարին Լը Փեն, կեդրոնամէտ Ֆրանսուա Պայրու, չափաւոր ձախակողմեան ուժերու ներկայացուցիչ Ժան Լիւք Մելանշոն, «Եւրոպա – կենսոլորտ – Կանանչներ» կուսակցութեան թեկնածու Էւա Ժոլի, թրոցքիական թեկնածուներ Նաթալի Արթօ եւ Ֆիլիփ Փութու, Նիքոլա Տիւփոն-Էնիան, ինչպէս նաեւ Համերաշխութիւն եւ յառաջդիմութիւն կուսակցութեան հիմնադիր Ժաք Շեմինատ:

 

Նախորդը

Ըստ Ուսումնասիրութեան Մը 2010-Ին Աշխարհի Վրայ Ներգաղթեալներուն Կէսը Քրիստոնեաներ Էին

Յաջորդը

Շնոտա Գ. Պապին Մարմինը Հողին Յանձնուեցաւ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.