Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Քանատա
43 Նորագիրներ Միացան Դաշնակցութեան Շարքերուն
43 նորագիրներ համալրեցին ՀՅԴ Քանատայի կառոյցի շարքերը: Անցնող ամիսներուն 43 նորագիրներ, հայութեան եւ Հայաստանի ազատագրութեան դատին ծառայելու դաշնակցականի երդումը տալով, միացան Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Քանատայի կառոյցի շարքերուն: Դաստիարակչական յատուկ ծրագիրը բոլորած ըլլալով` նորագիրները համալրեցին Թորոնթոյի «Սողոմոն Թեհլիրեան», Լաւալի «Սարգիս Զէյթլեան», Համիլթընի «Վռամեան», Վանքուվըրի «Սիմոն Վրացեան», Քեմպրիճի «Արամ-Դրօ» կոմիտէութեանց եւ ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» ուսանողական միութեան շարքերը:
Մայիս 28-ին Նուիրուած
Տօնակատարութիւններ
Սուրիա
Հովանաւորութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար եպս. Աշգարեանի, նախագահութեամբ Ճեզիրէի առաջնորդական փոխանորդ Լեւոն վրդ. Եղիայեանի, 28 մայիսին յիշատակուեցաւ Հայաստանի Ա. անկախութեան 105-ամեակը :
Առաւօտեան Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած պատարագին յաջորդեց առաջնորդարանի շրջափակէն ներս դրօշակի օրհնութիւն, հանրապետական մաղթանք, ապա ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբը մեկնաբանեց ազգային երգերու փունջ մը:
Նոյն օրը երեկոյեան «Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մայիսեան յաղթանակին նուիրուած փառատօն:
Օրուան հանդիսավար Սէրլի Մելքոնեան ներկաները հրաւիրեց մէկ վարկեան յոտնկայս յարգելու անմահ նահատակներուն յիշատակը:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՍԵՄ-ի «Նիկոլ Դուման» մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Սարգիս Սիմոնեանը, որ անդրադարձաւ 28 մայիսի խորհուրդին, հերոսամարտերուն եւ հայ ժողովուրդի աննկուն կամքին: Ան շեշտեց, որ յաղթելու վճռակամութեամբ հայ ժողովուդը հասաւ իր նպատակին, եւ այսօր 105 տարի ետք, ինչպէս անցեալին, ՀՅԴ-ն դարձեալ պատնէշի վրայ կանգնած է եւ գործի լծուած յանուն Արցախի, Հայաստանի եւ սփիւռքի մեր ժողովուրդին դէմ ցցուող վտանգներու յաղթահարման:
Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
* 28 մայիսին լաթաքիահայութիւնը յիշատակեց Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման 105-ամեակը: ՀՄԸՄ-ի փողերախումբը եւ տարազաւոր սկաուտները տողանցեցին ՍՕԽ-ի կեդրոնէն մինչեւ Ս. Աստուածածին եկեղեցի, ուր մատուցուեցաւ ս. պատարագ: Այնուհետեւ ներկաները ուղղուեցան նահատակներու յուշակոթողին դիմաց, ուր կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, եւ ներկաները փողերախումբին ընկերակցելով` երգեցին «Սարդարապատ»-ի յաղթերգը:
28 մայիսի տօնակատարութիւնը շարունակուեցաւ աւանդութիւն դարձած դաշտագնացութեամբ: Ներկայ ժողովուրդը ուղղուեցաւ Լաթաքիոյ մօտակայ ճաշարան մը, ուր շարունակուեցաւ տօնախմբութիւնը:
Բացման խօսքը արտասանեց շրջանի Յարաբերական մարմինի ներկայացուցիչ Յարութ Գաբրիէլեանը, որ նկատել տուաւ, թէ հաւաքուած ենք միասնական ոգիով, մեծ խանդավառութեամբ տօնելու Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի պանծալի յաղթանակները, որոնք մեզի համար ներշնչումի աղբիւր ըլլալու կողքին, ազատագրական պայքարի շարունակութեան ղօղանջի համազօր են:
Օրուան բեմավար Քեռի Ղազուրեան շնորհաւորեց Հայաստանի անկախութեան 105-ամեակը, վեր առնելով Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման արժէքն ու ազդեցութիւնը մեր ազգի զարգացման հոլովոյթին մէջ:
Այնուհետեւ ազգային երգերով ելոյթ ունեցաւ Մարիա Չիչեան-Պայրամեան:
Յունաստան
* Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ երիտասարդական միութեան Ֆիքսի «Դրօ» խումբին, 27 մայիսին Ֆիքսի «Ա. Մանուկեան» ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ խրախճանք` նուիրուած անկախ Հայաստանի հռչակման 105-րդ տարեդարձին:
Բացման խօսքը արտասանեց Սամուէլ Սամուէլեան, որ անդրադարձաւ մայիս 28-ի խորհուրդին ու պատմական արժէքին, ապա ան յայտնեց հայ կազմակերպ երիտասադութեան յանձնառութիւնը` տէր կանգնելու Հայաստանի ու Արցախի ինքնիշխանութեան, դէմ ըլլալով ազրպէյճանական ամէն տեսակի ոտնձգութիւններուն:
Այնուհետեւ գեղարուեստական յայտագիրով պատանեկան միութեան անդամները մեկնաբանեցին հայրենասիրական եւ յեղափոխական երգերու փունջ մը:
* Կիրակի, 28 մայիսին, Աթէնքի, Թեսաղոնիկէի եւ Թրակիոյ եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցաւ գոհաբանական մաղթանք` Հայաստանի Հանրապետութեան 105-րդ տարեդարձին առիթով: Պատարագիչ հոգեւորականները անդրադարձան անկախութեան իմաստին` վեր առնելով 1918-ի հայոց պետականութեան ստեղծման հերոսապատումը:
Թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան նախագահեց Ֆիքսի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած պատարագին եւ իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ մայիսեան անկախութեան խորհուրդին մասին:
Թեհրան
Նախաձեռնութեամբ ՀՄՄ «Նայիրի» միութեան, համագործակցութեամբ «Հայ կին» միութեան կից «Անահիտ» միութեան, 28 մայիսին «Արցախ» սրահին մէջ նշուեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրման 105-ամեակը:
ԹՀԹ Թեմական խորհուրդի կողմէ կեանքի կոչուած մայիսի 28-ի 105-ամեակի մեծարման կեդրոնական յանձնախումբին խօսքը ատասանեց Ժոզեֆ Սուքիասեան, իսկ միութեան վարչութեան խօսքը` Քարմեն Չհարմահալ:
Օրուան բանախօսն էր ՀՀ Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Քրիստինէ Վարդանեան: Ան իր խօսքին մէջ ընդգծեց, որ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 105-ամեակը կը նշենք այն պայմաններուն մէջ, երբ Հայաստանի Գ. Հանրապետութիւնը կանգնած է փլուզումի եզրին, եւ այստեղ է, որ կ՛անդրադառնանք մայիսի 28-ի խորհուրդին: Վարդանեան շեշտեց, որ այս անմխիթար պայմաններէն փրկուելու միակ ելքը մեր ժողովուրդի միասնականութիւնն է:
Իրանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան մշակութային եւ համայնքային հարցերով խորհրդական Սերգէյ Գրիգորեան իր ելոյթին մէջ նշեց, որ մայիսի 28-ը անկասկած կը զարդարէ մեր պատմութեան ամենափառաւոր էջերէն մէկը: Ան մեր ժողովուրդին համար սեփական ուժերով ապրելու, իր իրաւունքը հերոսաբար պաշտպանելու պայծառ օրինակ է եւ դարաւոր ընդմիջումէն ետք հայկական պետականութեան վերականգնման սկիզբը:
Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան իր ելոյթին մէջ ընդգծեց, որ երբ ժողովուրդները հաւատարիմ են իրենց ինքնուրոյնութեան, ազգային արժէքներուն եւ աւանդոյթներուն, ոչ ոք կրնայ զանոնք խլել մեզմէ:
Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
Նոր Ջուղա
Նախագահութեամբ Սպահանի հայոց թեմի առաջնորդ Սիփան եպս. Քէչէճեանի, 28 մայիսի երեկոյեան Նոր Ջուղայի ՀՄՄ «Արարատ» միութեան շրջափակին մէջ նշուեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրման 105-ամեակը:
Օրուան հանդիսավար Շաղիկ Մատթէոսեան իր խօսքին մէջ ընդգծեց, որ հաւաքուած ենք յայտնելու, թէ ոչ մէկուն թոյլ կու տանք մեր անունով զիջելու Հայաստանի եւ Արցախի որեւէ սանթիմեթր հող, ոչ ոք իրաւունք ունի Արցախը համարելու ոչ հայկական եւ Ազրպէյճանի մաս: Ան շեշտեց, որ մենք տէր պիտի կանգնինք մեր պապերէն ժառանգուած հայրենիքին եւ պիտի դառնանք արժանի հետեւորդը մեր քաջ նախահայրերուն, որոնց յաղթական պայքարին շնորհիւ այսօր մենք գոյութիւն ունինք:
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ շքերթ-տողանցք` մասնակցութեամբ թեմի ազգային մարմիններուն, ազգային վարժարաններուն, միութիւններուն եւ յանձնախումբերուն:
Օրուան բանախօս, ՀՀ Ազգային ժողովի պատգամաւոր Թադէոս Աւետիսեան անդրադարձաւ 1918 թուականի գոյապայքարին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան կերտումին, ապա լուսարձակի տակ առաւ ներկայ դէպքերը որոնք տեղի կ՛ունենան Հայաստանի եւ Արցախի մէջ, յատկապէս ընդգծելով հայրենիքի գոյութեան սպառնացող թշնամիներու կողմէ յառաջացած պայմանները: Ան հաստատեց, որ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի նպատակն է` Արցախը կտրել արտաքին աշխարհէն, կազմաքանդել պետական կառավարման համակարգը, անվերադարձ եւ կործանարար հարուած հասցնել տնտեսութեան եւ, ի վերջոյ, հայաթափել Արցախը:
Անդրադառնալով նախորդ օրերուն Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին կողմէ միաձայնութեամբ կատարուած յայտարարութեան, որ Արցախը չի կրնար ըլլալ Ազրպէյճանի կազմին մէջ, եւ` ՀՅԴ-ի դերը համահայկական ներուժի համախմբման եւ հայրենիքի պաշտպանութեան գործին մէջ, վստահութիւն յայտնեց, որ հայ ժողովուրդը պէտք է կերտէ իր յաղթանակը նոր Սարդարապատով: Աւետիսեանը բարձր գնահատեց` Իրան-Հայաստան բարեկամական յարաբերութիւնները, սփիւռքի կազմակերպուած համայնքներու հսկայական ներուժը եւ իրանահայ համայնքներու անփոխարինելի դերն ու անուրանալի աջակցութիւնը:
Աւարտին իր հայրական պատգամը յղեց սրբազան հայրը, որ զուգահեռներ գծելով 1918 թուականի եւ այսօրուան պայմաններուն մէջ մղուող գոյապայքարներու միջեւ` նշեց, թէ ինչպէս 105 տարի առաջ մեր ժողովուրդի պայքարը մղուեցաւ Սարդարապատ, Ղարաքիլիսէ եւ Բաշ Ապարան երեք ճակատներուն վրայ, այսօր նոյնպէս մեր պայքարի ճակատները երեք են` Հայաստանը, Արցախը եւ սփիւռքը: Սրբազանը ընդգծեց, որ մեր պապերը մեզ կտակեցին` հայրենիք, պետականութիւն, ազգ ու ժողովուրդ, եւ այսօր մեր պարտականութիւնն է ոչ միայն այդ բոլորը պահել ու պահպանել նոյնութեամբ, այլեւ աւելի զարգացնել ու արժեւորել` հայ ազգի յաղթանակի կերտման գրաւականը համարելով հայրենասիրութեան, ազգասիրութեան եւ միասնականութեան ոգիի դրսեւորումը:
Գեղարուեստական յայտագիրով ազգային-յեղափոխական երգերով ելոյթ ունեցաւ Արթուր Խաչենցը:
Ատրպատական
28 մայիսին Ուրմիոյ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ ս. պատարագ եւ կատարուեցաւ գոհաբանական մաղթանք` Հայաստանի Հանրապետութեան անսասանութեան համար:
Նոյնպէս Թաւրիզի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած պատարագով եւ գոհաբանական մաղթանքով Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր արք. Չիֆթճեան բոլոր հաւատացեալները հրաւիրեց ջերմեռանդ աղօթքի, որպէսզի Աստուած վերցնէ մեր ազգին ու հայրենիքին ճգնաժամային այն վիճակը, որուն մատնուած ենք ազգովին:
Իր քարոզին մէջ սրբազան հայրը աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որ փրկէ մեր ազգն ու հայրենիքը: Ան շեշտեց մեր ունեցածին տէրը կանգնելու իմաստութիւնը ունենալու կարեւորութիւնը, որուն համար անհրաժեշտ է հաւաքական ուժը` միասնականութիւնը: Անդրադառնալով անկախութեան 105-ամեակին` սրբազան հայրը շեշտեց, որ տարիներու երկարութիւնը ո՛չ մէկ արժէք կ՛ունենայ, եթէ իրերայաջորդ սերունդները չկարենան պահել այն, ինչ որ իրենց հայրերը կտակած են իրենց: Այս կտակը արիւնով գրուած է եւ ոչ թէ սովորական մելանով: Ուստի մեղաւոր կ՛ըլլայ այն սերունդը, որ չի կրնար պահպանել հայրերու ժառանգը:
Ս. պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն, բիւրաւոր այն նահատակներու հոգիներուն համար, որոնք 1918 թուականին, Սարդարապատի, Ղարաքիլիսէի եւ Բաշ Ապարանի ու այլ ճակատամարտներու ընթացքին զոհուեցան, հայրենիքի անկախութեան սիրոյն համար: