Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միլըր. «Կ՛ողջունենք Ալիեւի` «Համաներում» Քննարկելու Մասին Վերջին Յայտարարութիւնները»

Յունիս 1, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներ արդիւնաւէտ հանդիպում կ՛ակնկալէ Քիշնեւի մէջ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ: Այս մասին յայտարարեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլըր:

Միացեալ Նահանգներու վարչակազմը գոհ է, որ «Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ բանակցութիւնները կը շարունակուին», նշուած է անոր հրապարակած յայտարարութեան մէջ:

«Ինչպէս արտաքին գործոց նախարար Պլինքըն յայտարարած էր, Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութիւնը կարելի է: Վերջերս մենք բարձր գնահատած ենք վարչապետ Փաշինեանի հաւատարմութիւնը խաղաղութեան, եւ մենք կ՛ողջունենք նախագահ Ալիեւի վերջին յայտարարութիւնները (Ղարաբաղի նկատմամբ) համաներում քննարկելու մասին», նշած է Միլըր` աւելցնելով. «Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարները այս շաբաթավերջին Քիշնեւի մէջ պիտի հանդիպին մեր եւրոպացի գործընկերներուն հետ: Եւ մենք յոյսով ենք, որ ատիկա արդիւնաւէտ քայլ պիտի ըլլայ բանակցութիւններու սեղանին շուրջ այս խնդիրները լուծելու ուղղութեամբ, եւ ոչ թէ բռնութեան կիրարկումով», ըսած է Միլըր:

Անոր համաձայն, «յարձակողական հռետորաբանութիւնը կրնայ միայն յանգեցնել անցեալի բռնութեան շարունակականութեան, կառուցողական երկխօսութիւնը` թէ՛ հրապարակային, թէ՛ ալ փակ, կրնայ ստեղծել խաղաղութիւն, կարելիութիւններ եւ յոյս»:

«Միացեալ Նահանգները պատրաստ են աջակցելու երկու կողմերու ջանքերուն` կայուն եւ արժանապատիւ խաղաղութեան համաձայնագիր կնքելու համար», հաւաստած է Միլլըր:

Նախորդը

Եւրոպական Միութիւնը Կ՛ողջունէ Վերջին Մէկ Ամսուան Ընթացքին Հայ-Ազրպէյճանական Կարգաւորման Աշխուժացումը

Յաջորդը

Օվերչուք. «Հայաստանի, Ռուսիոյ Եւ Ազրպէյճանի Աշխատանքային Խումբի Նիստը Պիտի Կայանայ Մօտ Ժամանակներս»

RelatedPosts

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան

Հոկտեմբեր 25, 2025
Վարչապետ Սալամ Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան
Գլխաւոր լուրեր

Վարչապետ Սալամ Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?