Քիշնեւի մէջ նախատեսուած բանակցութիւններուն ընդառաջ Եւրոպական Միութիւնը ողջունած է վերջին մէկ ամսուան ընթացքին հայ-ազրպէյճանական կարգաւորման աշխուժացումը: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ յայտարարութիւնը հրապարակած է Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքական ծառայութեան բանբեր Փիթըր Սթանօ, որ միեւնոյն ժամանակ կարեւոր նկատած է, որ կողմերը խուսափին խաղաղութեան հոլովոյթին վնասող յայտարարութիւններէն:
«Կարեւոր է պահպանել այս պատմական յառաջընթացը եւ խուսափիլ այնպիսի քայլերէ, ներառեալ թշնամական հռետորաբանութիւնը, որոնք կրնան վտանգել խաղաղութեան հոլովոյթը», կը նշէ Փիթըր Սթանօ:
Եւրոպական Միութիւնը յայտարարութեան մէջ կը յիշեցնէ Ուաշինկթընի, Պրիւքսելի եւ Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած հայ-ազրպէյճանական վերջին բանակցութիւնները եւ կ՛ընդգծէ, որ աւարտին ղեկավարները հրապարակաւ վերահաստատեցին իրենց աներկբայ հաւատարմութիւնը 1991 թուականի Ալմա Աթայի հռչակագիրին, որով կողմերը կը ճանչնան Հայաստանի 29 հազար 800 եւ Ազրպէյճանի 86 հազար 600 քառակուսի քիլոմեթր տարածքային ամբողջականութիւնը:
«Մենք կ՛ողջունենք այս առնչութեամբ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի 22 մայիսի խիզախ յայտարարութիւնը եւ Հայաստանի յստակ պատրաստակամութիւնը` աշխատելու սահմանի սահմանազատման ուղղութեամբ: Մենք նաեւ կ՛ողջունենք Ազրպէյճանի նախագահի 25 մայիսի յայտարարութիւնը»:
Նաեւ կը նշուի, որ Եւրոպական խորհուրդին միջնորդութեամբ Պրիւքսելի մէջ 14 մայիսին տեղի ունեցած բանակցութիւններուն մէջ կողմերը կեդրոնացած են շարք մը առանցքային հարցերու, մասնաւորաբար, սահմանային խնդիրներու, հաղորդակցութեան, մարդասիրական հարցերու եւ «նախկին ԼՂԻՄ-ի» տարածքին մէջ ապրող հայերու իրաւունքներու եւ անվտանգութեան վրայ: Քանի տակաւին զգայուն հարցերու շուրջ աշխատանքը կը շարունակուի, Եւրոպական Միութիւնը կարեւոր կը նկատէ վստահութիւն ձեւաւորելու, խնդիրները լուծելու առաջնորդութիւն ցուցաբերելու անհրաժեշտութիւնը` համապարփակ կարգաւորման հասնելու համար:
Եւրոպական Միութիւնը կը վերահաստատէ խաղաղ լուծման հոլովոյթին աջակցելու յանձնառութիւնը եւ կը շեշտէ` հակառակ տագնապի բարդ պատմութեան, բոլոր հարցերը պէտք է լուծուին բացառապէս խաղաղ ճամբով` երկխօսութեան միջոցով:


