«Ողջունելով Արցախի Ազգային ժողովի յայտարարութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ հնչեցուած միտքերուն վերաբերեալ` կ՛ընդգծեմ, որ մեզի համար անընդունելի է Արցախի Հանրապետութեան ինքնիշխանութիւնը, մեր ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը եւ ատոր իրագործման փաստը անտեսող որեւէ յայտարարութիւն եւ փաստաթուղթ», նախանցեալ օրուան իր ուղերձին մէջ յայտարարած է Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան:
Արցախը չէ եղած եւ պիտի չըլլայ Ազրպէյճանի կազմին մէջ, քանի որ ատիկա է մեր ժողովուրդի կամքը, շեշտած է ան կոչ ուղղելով արցախցիներուն չվհատվելու:
Ըստ անոր, սփիւռքը պէտք է Հայաստանի Հանրապետութենէն պահանջէ գործնական քայլեր Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի եւ անվտանգութեան երաշխաւորման ուղղութեամբ:
Արայիկ Յարութիւնեանը դիմել է նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն` ձեռնպահ մնալու Արցախը Ազրպէյճանի կազմին մէջ ճանչնալու որեւէ գործողութենէ եւ յայտարարութենէ` հաւատարիմ մնալով ներպետական ու միջազգային փաստաթուղթերով ստանձնած պարտաւորութիւններուն եւ համազգային իղձերուն ու շահերուն. «Կան յստակ սկզբունքներ ու կարմիր գիծեր, որոնց խախտումները անընդունելի եւ անթոյլատրելի կը նկատենք: Եւ Արցախը Ազրպէյճանի կազմին մէջ ճանչնալը այդ կարմիր գիծերէն է, որ, վստահ ենք, համայն հայութեան գերակշիռ մասին համար կը մնայ այդպիսին»: