Կաշառք ստանալու համար մեղադրուող Գիւմրիի քաղաքապետը կալանաւորուեցաւ երկու ամիսով, համայնքի ղեկավարի լիազօրութիւններն ալ կասեցուեցան:
Հակափտածութիւն դատարանը Վարդան Ղուկասեանի խափանման միջոցի հարցը քննած է ամբողջ գիշեր, որոշումը երէկ առաւօտեան հրապարակուեցաւ, փաստաբան Զարուհի Փոստանջեան դատաւորի որոշման մանրամասնութիւններուն տակաւին ծանօթ չէր, կը սպասէ ամբողջական բնագիրին, որպէսզի բողոքարկէ, ձեռքին միայն դատարանի երկու էջնոց որոշման թուղթ մը կար:
Հակափտածութիւն կոմիտէն, իրենց պնդումով, փտածութեան յանցագործութեան բացայայտման մասին նախանցեալ օր յայտարարեց, ասոր զուգահեռ ուժայինները մտան Գիւմրիի քաղաքապետարան եւ ժամեր անց ձերբակալեցին Վարդան Ղուկասեանը:
Իրաւապահները կը յայտարարեն, թէ Ղուկասեանն ու քաղաքի գլխաւոր ճարտարապետը քանդման ենթակայ շուրջ 1500 քառակուսի մեթր ինքնակամ շինութիւն օրինականացնելու համար 4 միլիոն դրամ կաշառք պահանջած են: Հակափտածութիւն կոմիտէն ձայնագրութիւններ հրապարակած է, որոնց մէջ ենթադրաբար կը լսուին քաղաքապետին ու անոր ենթակայի խօսակցութիւնը այս նիւթին շուրջ:
Ղուկասեան մեղադրանքը չ՛ընդունիր, պաշտպանութիւնը գործը քաղաքական հետապնդում կ՛որակէ: