Միջինարեւելեան մակարդակով, իրադարձութիւններու զարգացման յոռետեսական ուղղութիւններ սկսած են վերստին երեւիլ: Այդ ուղղութիւններէն ոմանք յայտարարողական բնոյթի են, ուրիշներ լրատուական դաշտին կը պատկանին, իսկ ամէնէն ուշագրաւը գետնի վրայ արձանագրուող ռազմաքաղաքական դէպքերն են:
Գիտակցելով անշուշտ, որ յայտարարողականն ու իրողականը, ինչպէս նաեւ լրատուականը բոլորովին այլ փաստեր կրնան արձանագրել եւ իրար չհամապատասխանել, այդուհանդերձ այդ բոլորը նկատի ունենալով անհրաժեշտ է փորձ կատարել հետագայ գործընթացներուն վրայ լուսարձակներ բանալու:
Իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետը հրամանատարական կազմին կը փոխանցէր, որ անհրաժեշտ է վերադառնալ մարզումի եւ բոլոր ճակատներուն վրայ պատրաստ գտնուիլ:
Զինեալ ուժերու տեղաշարժերը միշտ չէ, որ հրապարակայնօրէն կը յայտարարուին: Գործողութիւններու վերսկսումը, եթէ արմատական է, յանկարծակիութեան գործօնով կը յատկանշուի եւ պատերազմի նախայայտարարութիւններով չի յատկանշուիր: Տարբեր խնդիր անշուշտ, որ հանրային կարծիքի վրայ ազդելու համար նախքան ռազմական գործողութիւններու դիմելը թէ՛ ներքին լսարանի եւ թէ՛ արտաքին հանրային կարծիքի համար հիմնաւորումներու պարզումի մեթոտներուն կը դիմուի: Այս պարագային կը թուի, որ յայտարարութիւնը աւելի զգուշացման բնոյթ ունի, մանաւանդ նկատի ունենալով Կազայի մէջ արձանագրուած զինադուլի սահմանափակ խախտումները:
Շարունակենք խորանալ այս ծալքերուն մէջ եւ անպայման մտաբերել Միացեալ Նահանգներու նախագահին յայտարարութիւնը առ այն, որ եղածը անկարգապահ տարրերու կողմէ հրահրում է եւ թէ խաղաղութիւնը անդառնալի որոշում է: Ըստ նախագահին, Համասի ղեկավարութիւնը որեւէ խախտումի մեղսակից չէր:
Քանի մը օր ետք փոխուած էին Միացեալ Նահանգներու նախագահին շեշտադրումները: Այս անգամ ազդարարութեան ոճ կար: Եթէ Համաս անհրաժեշտ քայլերը չառնէ, հակազդեցութիւնը շատ խիստ եւ անխնայ պիտի ըլլայ: Միաժամանակ ան յիշեցուցած էր, որ դաշնակից ուժերու կողմէ ռազմական ծաւալային գործողութեան պահը չէ եկած տակաւին:
Այս երկրորդ յայտարարութենէն ետք էր պարզապէս, որ Իսրայէլի զինուած ուժերու պետը բոլոր ճակատներուն վրայ պատերազմի պատրաստ ըլլալու հրաման կու տար սպայակոյտին:
Այստեղ արձանագրենք նաեւ ամերիկացի յատուկ պատուիրակին Լիբանանի եւ տարածաշրջանի հանգոյցներուն մասին կատարած յայտարարութեան հետեւեալ բաժինը. «Կենդանի յիշողութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով, քաղաքական կամքը, տնտեսական անհրաժեշտութիւնն ու ժողովրդային յոյսը զիրար կը խաչաձեւեն, եւ յառաջընթացի առջեւ միակ խոչընդոտը իրանեան անզգուշ ղեկավարութիւնն ու անոր միլիսներն են»:
Յոռետեսական յայտարարութիւններու, զգուշացումներու եւ ազդարարութիւններու շղթայական այս երեւոյթները աւելիով կը բացատրուին, եւ ներկայացուած խճանկարին մէկ հատուածը կը լրացնէ պաշտօնական Թեհրանի փոխանցումը, թէ Միացեալ Նահանգներու հետ բանակցութեան պիտի չվերադառնանք, այնքան ատեն, որ Ուաշինկթըն անկարելի պահանջներ կը ներկայացնէ Իրանին:
Խնդիրը այստեղ խճճուած է: Այս չի նշանակեր, որ բանակցութիւնները պիտի չվերսկսին կամ արդէն քուլիսային տեսքով տեղի չեն ունենար: Հանգոյցներ կան, որոնք կը քաշքշուին: Այդ քաշքշուքը կը ստեղծէ նման իրավիճակ, որ այս փուլին կը յատկանշուի ազդարարութիւններով կամ նոյնիսկ սպառնալիքներով:
Նմանատիպ բազմաթիւ փուլերէ անցած է տարածաշրջանը: Եթէ առեւտուրը կայանայ, դէպքերը կը ներկայացուին իբրեւ անկարգապահ տարրերու կողմէ հրահրուած երեւոյթներ, եթէ ամրանան հանգոյցները, պատասխանատուութիւնը կը տարածուի պետութիւններու վրայ: Այս երկու ուղղութիւններուն միջեւ կը գտնուինք: Երկու հաւանականութիւններն ալ ներառուած են պաշտօնական Ուաշինկթընի իրերայաջորդ յայտարարութիւններուն մէջ:
«Ա.»