Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մոսկուա. «Ռուսիան Միջնորդ Է, Եւ Մեզի Համար Կարեւոր Է Իմանալ Արցախը Ազրպէյճանի Մաս Ճանչնալու Պատրաստակամութեան Մասին Հայաստանի Յստակ Դիրքորոշումը»

Մայիս 25, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա մամլոյ ասուլիսի ընթացքին մեկնաբանած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութիւնը, թէ պատրաստ է Արցախը ճանչնալու Ազրպէյճանի կազմին մէջ:

«Նախ եւ առաջ պետութեան կառուցուածքի քաղաքական տեսլականին վերաբերեալ նման յայտարարութիւնը Հայաստանի եւ անոր ժողովուրդին բացառիկ իրաւունքն է: Երկրորդ` Ռուսիան միջնորդ է հայ-ազրպէյճանական կարգաւորման հարցին մէջ, եւ այս առումով մեզի համար կարեւոր է պետութեան` տուեալ պարագային Հայաստանի յստակ դիրքորոշումը այս նիւթով: Ասիկա պարզապէս նիւթ կամ հարց չէ, այլ երկար տարիներ տեւած տագնապ… Ուստի յառաջ շարժելու համար, ներառեալ ստորագրուած փաստաթուղթերու մասով, անհրաժեշտ է այս հարցով իմանալ պետութեան յստակ դիրքորոշումը», ըսած է Զախարովա:

Անոր համաձայն, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը «Փաշինեանի` Ղարաբաղը Ազրպէյճանի կազմին մէջ ճանչնալու պատրաստակամութեան մասին յայտարարութիւնը կը նկատէ իբրեւ 1991 թուականի Ալմա Աթայի հռչակագիրին վրայ հիմնուած Փրակայի յայտարարութեան հաստատում»:

«Այդ հռչակագիրին մէջ նախկին Խորհրդային Միութեան պետութիւններուն միջեւ եղած վարչական սահմանները կը ճանչցուին իբրեւ միջպետական: Բազմիցս նշած ենք, որ Փրակայի մէջ ձեռք բերուած համաձայնութիւնը որակապէս նոր շրջանակ տուած է Պաքու-Երեւան բանակցութիւններուն: Սակայն նորէն կը կրկնեմ` Փրակայի մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւններու մասնակիցներն են Հայաստանը, Ազրպէյճանը, Ֆրանսան եւ Եւրոպական Միութիւնը», ըսած է Զախարովա:

Ան միեւնոյն ժամանակ նշած է. «Փաշինեանի յայտարարութիւնը ոչ յստակ արձագանգ յառաջացուցած է բուն Հայաստանի մէջ եւ Արցախի հայութեան շրջանակին մէջ, սակայն, ատիկա ներքաղաքական վէճերու հարց է: Ինչ կը վերաբերի բուն խաղաղութեան համաձայնագիրի նախագիծին, ապա Մոսկուայի մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու բանակցութիւններու վերջին փուլը նպաստեց կողմերուն միջեւ փոխըմբռնման բարելաւման եւ շարք մը հարցերու շուրջ անոնց դիրքորոշումներու մերձեցման», ըսած է Զախարովա:

«Եթէ Յառաջ Կը Մղուի Հայաստանը ՀԱՊԿ–էն
Դուրս Բերելու Գաղափարը, Ապա Պէտք Է
Գիտակցիլ Ատկէ Բխող Սպառնալիքին»

Զախարովա պատասխանելով հարցումի մը Փաշինեանի այն յայտարարութեան մասին, թէ «Եթէ Հայաստանը տէ ժիւրէ որոշէ դուրս գալ ՀԱՊԿ-էն, ատիկա տեղի պիտի ունենայ ՀԱՊԿ-ն Հայաստանէն դուրս գալու ճշդման հիմամբ:

«Մենք բազմիցս ատիկա նշած ենք, եթէ ատիկա խօսելու ձեւ է, որով յառաջ կը մղուի ՀԱՊԿ-էն Հայաստանը դուրս բերելու գաղափարը, ապա պէտք է գիտակցիլ խօսքերու շահագործումէն բխող սպառնալիքին», նշած է Զախարովա:

 

 

Նախորդը

Փեսքով. «Մոսկուան Յոյս Ունի, Որ 25 Մայիսին Փութին-Փաշինեան-Ալիեւ Հանդիպումը Արդիւնաւէտ Պիտի Ըլլայ»

Յաջորդը

Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդը Կը Դատապարտէ Հայաստանի Իշխանութիւններուն Պարտուողական Մտայնութիւնը

RelatedPosts

Փաստաբանները Դիմում Ներկայացուցած Են Անձերու Կամայական Կալանաւորման Հարցերով ՄԱԿ-ի Աշխատանքային Խումբին` Վիգէն Իւլճեքեանի Անյապաղ Ազատ Արձակման Պահանջով
Գլխաւոր լուրեր

Փաստաբանները Դիմում Ներկայացուցած Են Անձերու Կամայական Կալանաւորման Հարցերով ՄԱԿ-ի Աշխատանքային Խումբին` Վիգէն Իւլճեքեանի Անյապաղ Ազատ Արձակման Պահանջով

Հոկտեմբեր 24, 2025
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Կը Դատապարտէ Հայաստանի Մէջ Հոգեւորականներու Հալածանքը
Գլխաւոր լուրեր

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Կը Դատապարտէ Հայաստանի Մէջ Հոգեւորականներու Հալածանքը

Հոկտեմբեր 24, 2025
Մասիսի Քաղաքապետը Դատապարտուեցաւ 6 Տարի Եւ 3 Ամսուան Բանտարկութեան
Հայկական

Մասիսի Քաղաքապետը Դատապարտուեցաւ 6 Տարի Եւ 3 Ամսուան Բանտարկութեան

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?