Վեց տարուան դատավարութենէ ետք Մասիսի քաղաքապետ Դաւիթ Համբարձումեան մեղաւոր նկատուեցաւ եւ դատապարտուեցաւ 6 տարի 3 ամիս ժամկէտով բանտարկութեան` 2018-ին ցուցարարներու դէմ բռնութիւն կիրարկելու յանցանքով: Ան գրաւով ազատ արձակուած էր, դատարանը վերացուց գրաւը, ընտրեց կալանքը: Այս որոշումը տակաւին ուժի մէջ չէ մտած, փաստաբան Զօրայր Յարութիւնեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին փոխանցեց, որ պիտի բողոքարկեն զայն վերաքննիչ ատեանին մօտ:
Դաւիթ Համբարձումեան մեղքը չ՛ընդունիր:


