Մոսկուան յոյս ունի, որ 25 մայիսին Ռուսիոյ մայրաքաղաքին մէջ Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն միջեւ տեղի ունենալիք հանդիպումը արդիւնաւէտ պիտի ըլլայ: Այս մասին ազրպէյճանական «Ռիփորթ»-ին յայտնած է Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով:
«Հինգշաբթի այստեղ պիտի ըլլան թէ՛ նախագահ Ալիեւը, թէ՛ վարչապետ Փաշինեանը. մենք կ՛ակնկալենք, որ հաղորդակցութիւններ պիտի ըլլան մեր նախագահին հետ, այս հաղորդակցութիւններու նախապատրաստական աշխատանքները կ՛ընթանան, եւ, ի հարկէ, մենք պիտի ուզէինք արդիւնաւէտութեան յոյս ունենալ, թէ որքա՛ն արդիւնաւէտ պիտի ըլլան անոնք, ժամանակը ցոյց պիտի տայ», ըսած է Քրեմլինի բանբերը:
19 մայիսին Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած էին եռակողմ բանակցութիւններ` Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ:


