Միացեալ Նահանգներու վարչակազմը Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարութեան ներկայացուցած է ամէնէն վիճելի հարցերու լուծման վերաբերեալ իր առաջարկները: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով օգնականի առաջին տեղակալ Տերեք Հոկըն:
Ան շեշտած է, որ խաղաղութեան հոլովոյթը յառաջ կ՛երթայ, եւ յիշեցուցած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի վերջին բանակցութիւնները:
«Մայիսի սկիզբը արտաքին գործոց նախարարը հիւրընկալած էր երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները` աշխատելու ամէնէն վիճելի որոշ հարցերու շուրջ, որոնցմէ են, օրինակ` սահմանի երկայնքին զօրքերու հեռացումը, վէճերու լուծման մեքանիզմը այն դաշնագիրին մէջ, որուն շուրջ կը փորձենք համաձայնութեան հասնիլ, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայերու իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը», ըսած է Հոկըն Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութիւններու ենթայանձնախումբի լսումներուն ժամանակ:
Հոկընի համաձայն Ուաշինկթըն ներկայացուցած է շարք մը առաջարկներ, որոնք կողմերը կ՛ուսումնասիրեն: Ան նաեւ բարձր գնահատած է Եւրոպական Միութեան դերը` իբրեւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ բանակցութիւններու միջնորդ:
Ան յիշեցուցած է, որ Ուաշինկթընի մէջ բանակցութիւններէն ետք Եւրոպական Միութեան նախագահ Շարլ Միշելը հիւրընկալած էր Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարները: Ան նաեւ նշած է, որ կողմերը յառաջիկային պիտի հանդիպին Գերմանիոյ վարչապետին, Ֆրանսայի նախագահին եւ Եւրոպական Միութեան նախագահին հետ` քննարկելու, թէ վերջակէտին հասնելու համար ի՛նչ պէտք է ընել:
Տերեք Հոկըն նաեւ անդրադարձած է Բերձորի միջանցքի արգելափակման` նշելով, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը այդ հարցին առնչութեամբ մեծ ճնշում կը գործադրէ:


