Միացեալ Նահանգներ Հայաստանի եւ Եւրասիոյ այլ երկիրներու մէջ փոքր հիւլէական հնոցներ կառուցելու կարելիութիւնը կը սերտեն` ձգտելով ամրապնդել այդ երկիրներու Ռուսիայէն եւ Չինաստանէն ուժանիւթային անկախութիւնը:
«Արմէնփրես»-ի համաձայն, այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան Եւրոպայի, Եւրասիոյ եւ Կեդրոնական ասիոյ աջակցութեան ծրագիրներու հակամարգող Մարիա Լոնկի:
«Շարք մը երկիրներու մէջ, ներառեալ Հայաստանը, մենք կը գնահատենք (տեղակայման) կարելիութիւնը ամերիկեան ճարտարագիտութեան կիրարկումով կառուցուած փոքր հիւլէական հնոցներու, որոնք կրնան արտօնել աւելի մեծ ուժանիւթային անկախութիւն թէ՛ Ռուսիայէն, թէ՛ ալ Չինաստանէն», ըսած է Լոնկի` Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութիւններու ենթայանձնախումբի լսումներու ընթացքին:


