Լիբանանեան վճռաբեկ ատեանի դատախազ Իմատ Քապալան երէկ` չորեքշաբթի, 24 մայիսի յետմիջօրէին կէսօրէ ետք հարցաքննեց Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէն, աւարտին Սալամէ ազատ արձակուեցաւ սակայն անոր լիբանանեան եւ ֆրանսական անցագիրները «գրաւուեցան» եւ անոր արգիլուեցաւ Լիբանանէն դուրս մեկնում: Այս գծով իմացուեցաւ, թէ Սալամէ դատական ատեանէն խնդրած է զինք չյանձնել ֆրանսական դատական իշխանութեանց: Միւս կողմէ, Գերմանիոյ մէջ լիբանանեան ծագումով դատախազ Ռանա Իսքանտար հաստատեց, որ Սալամէի դէմ նաեւ գերմանական իշխանութեանց կողմէ ձերբակալման հրամանագիր հրապարակուած է, մեղսակից հինգ այլ անձնաւորութիւններու կողքին: Իսկանտար ընդգծեց, որ գերմանական իշխանութիւնները նման քայլի կը դիմեն հաստատ ու փաստարկեալ տուեալներու հիման վրայ:
Ան աւելցուց, որ գերմանական իշխանութիւնները նաեւ ձեռք դրած են Գերմանիոյ զանազան քաղաքներուն մէջ գտնուող Սալամէի սեփական կալուածներուն վրայ: Նշենք, որ Լիբանանի Կեդրոնական դրամատան կառավարիչի կարգավիճակին «ճակատագիրը» երկար ու բազմակողմանի կարծիքներու դուռ բացաւ: Այս գծով թէեւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի նախանցեալ օր նախարարական սեղմ ժողովի մը նախագահեց, սակայն կարելի չեղաւ համախոհական որոշումի յանգիլ` ներկաներուն միջեւ տիրող տարակարծութեանց պատճառով: Փաստօրէն, նշեալ ժողովի մասնակիցներուն մէկ մասը դէմ էր ընդառաջելու Ֆրանսայի եւ «Ինթըրփոլ»-ի դիմումներուն` մեկնելով Լիբանանի գերիշխան կեցուածքի սկզբունքներէն, ինչպէս վերջերս յայտարարեց նախկին դատախազ Հաթեմ Մատի` նշելով, որ Լիբանան հարկադրուած չէ ընդառաջելու ֆրանսական դիմումին: Ըստ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան, եւրոպական վեց պետութիւններ հետաքննութիւն բացած են Սալամէի եւ իր մեղսակիցներու նիւթական «արարքներուն» դէմ: Ըստ իրազեկ աղբիւրներու, Ռիատ Սալամէ մինչեւ իր պաշտօնավարութեան ժամկէտի աւարտը` 31 յուլիս 2023 պիտի շարունակէ իր աշխատանքը բնականոն կերպով: Սակայն արդարութեան նախարարի պաշտօնակատար Հանրի Խուրիի կողքին նաեւ այլ նախարարներ ու պետական դէմքեր անխուսափելի կը նկատեն Սալամէի հրաժարումը կամ պաշտօնանկութիւնը` խուսափելու համար յաչս
արտաքին աշխարհին Լիբանանի վարկը առաւել եւս նսեմացնելու հետեւանքէն: Այս ընթացքով Լիբանանի անունը կրնայ նշուիլ «մոխրագոյն ցանկի» վրայ, ըստ «Ռոյթըրզ»-ի: Այլ խօսքով, Լիբանանեան դրամատուները աւելի քան տասնվեց ամիս կրնան մնալ միջազգային հետաքննական պատկան մարմիններու հսկողութեան տակ:


