Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու պատկերասփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց. «Հիւսիսարեւելեան Սուրիան Քրտական աշխատաւորական կուսակցութենէն մաքրելու համար պիտի գործակցինք սուրիական կառավարութեան հետ»:
«Մեզ չի հետաքրքեր, թէ անոնց ետին ո՛վ կը կանգնի` Ամերիկա՞ն, Ֆրանսա՞ն, թէ՞ ուրիշը», աւելցուց ան:


