Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ բացայայտեց իր ուղղակի դերակատարութիւնը Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ Հըզպալլայի եւ անոր ղեկավարութեան դէմ յարձակումներուն, մասնաւորաբար փէյճըրներու պայթեցման մէջ, որուն գործադրութեան վերջնական որոշումը իր ձեռքը եղած է:
Թրամփ ամերիկեան «Թայմ» պարբերաթերթի հետ հարցազրոյցի ընթացքին` պատասխանելով հարցումի մը, յայտնեց. «Ինչպէս գիտէք, բոլոր այդ յարձակումները իմ հովանաւորութեամս եւ վերահսկողութեանս տակ տեղի ունեցան, եւ իրականութեան մէջ` ինծի հետ ուղղակի խորհրդակցութեամբ»:
«Գիտէք, որ Իսրայէլ կապի հաստատման կամ այդպիսի սարքեր օգտագործելով յարձակումներ գործեց: Անոնք զիս կը յարգէին: Զիս ամէն ինչէ տեղեակ պահեցին: Երբեմն կը մերժէի, եւ կը յարգէին որոշումս, սակայն Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Պարաք Օպաման Իսրայէլի հետ չափազանց վատ վարուեցաւ», նշեց Թրամփ:
Սպիտակ տան ղեկավարը նաեւ անդրադարձաւ Միջին Արեւելքի մէջ փոփոխութիւններուն եւ յայտնեց. «Կը կարծեմ, թէ մենք զայն իրողապէս վերաձեւաւորեցինք, եւ հիմա ան գեղեցիկ կերպով կ՛աճի: Ուստի հարցումը հետեւեալն է` հետագային ի՞նչ տեղի պիտի ունենայ: Սակայն կրնամ ըսել` տակաւին աւելի քան երեք տարի ունիմ: Ասիկա երկար ժամանակ է: Այնքան ատեն որ ես կամ, հարցերը միայն աւելի լաւ եւ հզօր պիտի ըլլան, եւ իտէալական պիտի ըլլայ: Լա՞ւ է: Հոյակապ պիտի ըլլայ: Իսկ, թէ ինձմէ ետք ի՞նչ պիտի պատահի՛ չեմ կրնար ըսել:
«Գիտէք, կրնաս վատ նախագահներ ունենալ: Եթէ վատ նախագահ մը գայ, կրնայ ամէն ինչ չափազանց դիւրին աւարտիլ: Կրնայ աւարտիլ: Ամէնէն կարեւորը այն է, թէ անոնք պէտք է յարգեն Միացեալ Նահանգներու նախագահը»:
«Միջին Արեւելքը պէտք է հասկնայ այս մէկը, եւ` կը հասկնան: Եթէ Քաթար երթամ, եթէ Սէուտական Արաբիա երթամ, եթէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ երթամ, եւ ասոնք երեք մեծագոյն երկիրներն են, բոլորն ալ կը յարգեն (Միացեալ Նահանգներու) նախագահը, եւ եթէ նախագահը չյարգեն, ատիկա աւելի նախագահին կը վերաբերի, քան երկրին: Կը հասկնա՞ս: Եթէ նախագահը չյարգեն, եւ եթէ նախագահ մըն է, որ ըրածը չի գիտեր, ամէն ինչ կրնայ տապալիլ: Իսկ եթէ նախագահը կը յարգեն, ապա գեղեցիկ ու երկարատեւ խաղաղութիւն մը պիտի ըլլայ», նշեց Սպիտակ տան ղեկավարը:
Թրամփ նաեւ շեշտեց, որ Իսրայէլ ոչինչ պիտի ընէ Այսորյորդանանի նկատմամբ: Ան նշեց, թէ Իսրայէլ լաւապէս կը գործէ եւ Այսրյորդանանի կապուած բան պիտի չընէ:


