Իսրայէլեան Քնեսեթը առաջին ընթերցումով վաւերացուց Երուսաղէմի եւ կանաչ գօտիի շրջաններուն մէջ պաղեստինեան դրօշ բարձրացնելը քրէական յանցանք նկատող օրինագիծը:
«Օցիմա Եհուտիթ» կուսակցութեան անդամ Ալմող Քոհենի կողմէ ներկայացուած օրինագիծին թեր քուէարկեցին 54 երեսփոխաններ, դէմ` 16 երեսփոխաններ:
Օրինագիծը նաեւ «ապօրինի հաւաք» կը նկատէ երեք կամ աւելի անձերէ բաղկացած պաղեստինեան ամէն հաւաք, որուն ընթացքին պաղեստինեան դրօշը կը բարձրացուի:
Պաղեստինեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը բուռն կերպով դատապարտեց նշեալ օրինագիծի իսրայէլեան խորհրդարանին կողմէ որդեգրումը` նշելով. «Նախնական ընթերցումով այս օրէնքի որդեգրումը փաստ է, որ բռնագրաւման պետութեան մէջ վարչակարգը արագ քայլերով դէպի ֆաշականութեան կ՛ուղղուի` գործադրելով բռնագրաւման պետութեան մէջ ֆաշական ու ցեղապաշտ աջի ցուցմունքները, ինչպէս նաեւ ափարթայտի` իբրեւ պաղեստինցի քաղաքացիները թիրախ դարձնող ցեղային խտրականութեան ամրագրման ծիրին մէջ է»:
Նախարարութիւնը նշեց, որ միջազգային ընտանիքին կիրարկած երկակի չափանիշերը Քնեսեթը քաջալերած է պաղեստինեան դրօշի բարձրացումը արգիլող օրինագիծը որդեգրելու:


