Միացեալ Նահանգներ չեն բացառեր Վրաստանի դէմ «յաւելեալ քայլերու» որդեգրումը` Ռուսիոյ հետ ուղիղ օդանաւային փոխադրումներու վերականգնման պարագային: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հաղորդումով, այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերի առաջին տեղակալ Վետանթ Փաթել:
«Արեւմտեան ամբողջ ընտանիքը այժմ Ռուսիայէն որոշակի հեռաւորութիւն կը պահէ, եւ մենք կը կարծենք, որ այժմ այդ երկրին հետ համագործակցութիւնը ընդլայնելու լաւագոյն պահը չէ», յայտարարած է Փաթել:
Անոր համաձայն, եթէ Ռուսիոյ եւ Վրաստանի միջեւ ուղիղ թռիչքները վերականգնին, ապա ատիկա «լուրջ մտահոգութեան տեղիք պիտի տայ»:
ւնը հովանաւորող երկիրներու ցուցակին մէջ չներառելու որոշումը վերջնական է:


