Միացեալ Նահանգներ հաւատացած են, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ բանակցութիւնները յառաջ երթալու կարեւոր քայլեր են: Այս մասին աւանդական մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերի առաջին տեղակալ Վետանթ Փաթել` անդրադառնալով Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն միջեւ Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին:
«Միացեալ Նահանգները այդ բանակցութիւններուն կողմ չէին: Սակայն իբրեւ Արլինկթընի մէջ մեր հիւրընկալած բանակցութիւններու շարունակութիւն, մենք կը շարունակենք հաւատալ, որ անոնք յառաջ ընթանալու կարեւոր քայլեր են, եւ մենք կը շարունակենք նկատել, որ այդ երկու երկիրներուն միջեւ տեւական խաղաղութիւնը կարելի է», ըսած է Փաթել: