Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եռակողմ Հանդիպումին Քննարկուած Է Հայ-Ազրպէյճանական Յարաբերութիւններուն Առնչուող Հարցերու Լայն Շրջանակ

Մայիս 15, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի Պրիւքսելի մէջ տեղի  ունեցած եռակողմ հանդիպման ընթացքին քննարկուած են շրջանային փոխադրական եւ տնտեսական ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման, երկու երկիրներուն միջեւ սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան ապահովման աշխատանքներուն, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման համաձայնագիրին, Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի իրաւունքներու եւ անվտանգութեան հասցէագրման անհրաժեշտութեան, ինչպէս նաեւ գերիներու, անհետ կորսուածներու եւ այլ մարդասիրական խնդիրներուն վերաբերող հարցեր:

Ինչպէս «Արմէնփրես»-ին տեղեկացուցին Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմէն, պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է շարունակել քննարկումները 1 յունիսին Քիշնեւի մէջ` Եւրոպական քաղաքական համայնքի վեհաժողովի շրջանակներուն մէջ` Հայաստանի վարչապետի, Ազրպէյճանի նախագահի, Ֆրանսայի նախագահի եւ Գերմանիոյ վարչապետի, Եւրոպական խորհուրդի նախագահի մասնակցութեամբ հնգակողմ եւ յուլիսին` Պրիւքսելի մէջ Հայաստանի վարչապետի, Ազրպէյճանի նախագահի, Եւրոպական խորհուրդի նախագահի եռակողմ հանդիպումներու շրջանակին մէջ:

Փաշինեանն Ու Միշելը Կարեւոր Նկատած Են Քիշնեւի Մէջ Ծրագրուած Հանդիպումը` Մաքրոնի Եւ Շոլցի Մասնակցութեամբ

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Պրիւքսելի մէջ ոչ պաշտօնական հանդիպում ունեցած է Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի հետ:

Ինչպէս «Արմէնփրես»-ին յայտնեցին Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերի վարչութենէն, զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են շրջանին մէջ հաստատուած ռազմաքաղաքական եւ մարդասիրական իրադրութեան շուրջ:

Վարչապետ Փաշինեան անդրադարձած է վերջին օրերու ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքին նկատմամբ ազրպէյճանական զինուած ուժերու սադրիչ եւ նախայարձակ գործողութիւններուն հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակին, որ միտուած է խաթարել խաղաղ բանակցութիւնները շարունակելուն ուղղուած ջանքերը:

Քննարկուած են Ազրպէյճանի կողմէ Բերձորի միջանցքի ապօրինի շրջափակման պատճառով Արցախի մէջ ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամին, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերող հարցեր:

Անդրադարձ կատարուած է 14 մայիսին նախատեսուած Հայաստանի վարչապետի, Եւրոպական խորհուրդի նախագահի եւ Ազրպէյճանի նախագահի եռակողմ հանդիպման եւ ընդգծուած է 1 յունիսին Քիշնեւի մէջ` Եւրոպական քաղաքական համայնքի վեհաժողովի շրջանակներուն մէջ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի եւ Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի մասնակցութեամբ հնգակողմ հանդիպում կատարելու կարեւորութիւնը:

Միշելն Ու Ալիեւը Քննարկած Են Հայ–Ազրպէյճանական Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Գործընթացը

Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելն ու Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը երէկ Պիւքսելի մէջ քննարկած են հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը:

Ազրպէյճանական լրատուամիջոցներուն հաղորդումով` երկու ղեկավարները գոհունակութիւն յայտնած են Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման բանակցութիւններու «պրիւքսելեան ձեւաչափ»-ի վերականգնման կապակցութեամբ:

Միշելն ու Ալիեւը նաեւ անդրադարձած են Հայաստանին եւ Ազրպէյճանին առնչուող վերջին ամիսներուն տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն, Ուաշինկթընի բանակցութիւններուն` Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով, ազրպէյճանա-հայկական սահմանի իրավիճակին, ինչպէս նաեւ Ալիեւի, Միշելի եւ Փաշինեանի մասնակցութեամբ երէկ կայացած եռակողմ հանդիպման օրակարգին:

 

 

Նախորդը

Քրեմլին. «Ռուսիա-Հայաստան-Ազրպէյճան Համաձայնութիւններու Գործադրութիւնը Պիտի Արտօնէ Հասնիլ Լուծման. Ստորագրուած Փաստաթուղթերը Այլընտրանք Չունին»

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Լէյքըրզ Մրցաշարքէն Դուրս Ձգեց Երկրին Գործող Ախոյեան Ուորիըրզը

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Հայկական

Ցաւակցագիր

Հոկտեմբեր 26, 2025
Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?