Ռուսիա-Հայաստան-Ազրպէյճան եռակողմ համաձայնութիւններու գործադրութիւնը պիտի արտօնէ Հարաւային Կովկասի մէջ լուծման հասնիլ. ստորագրուած փաստաթուղթերը, իբրեւ կացութեան լուծման հիմք, այլընտրանք չունին: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով:
Ան լրագրող Փաւել Զարուպինի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է. «Ռուսիան, գիտէք, ամբողջովին հաւատարիմ է այն եռակողմ փաստաթուղթերուն, որոնք ստորագրուած են երկու տարի առաջ: Մենք կը մեկնինք անկէ, որ անոնք կը շարունակեն ըլլալ լուծման` այլընտրանք չունեցող հիմք: Եւ լուծման հասնելու համար մենք պէտք է ընթանանք երեքին միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութիւններու գործադրման ուղիով»:


