Հայաստանի Հանրապետութեան Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան «Նովոյա Կազեթա»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին անդրադարձած է Հայաստանի եւ ՀԱՊԿ-ի փոխյարաբերութիւններուն` չժխտելով, որ կազմակերպութենէն դուրս գալու քննարկումներ եղած են:
«ՀԱՊԿ-էն կ՛ակնկալէինք, որ կը գործէ անցեալ տարուան սեպտեմբերին` հայկական տարածքին մէջ Ազրպէյճանի ուղղակի յարձակումի ժամանակ: Չգործեց», ըսած է Գրիգորեան:
Լրագրողի ճշդող հարցումին, թէ արդեօք ՀԱՊԿ-էն դուրս գալու մասին խօսք եղա՞ծ է, Հայաստանի Հանրապետութեան Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարը պատասխանած է. «Ճիշդը, այո՛, նման քննարկումներ եղած են, ասիկա բնական արձագանգ է»:
Գրիգորեան նաեւ յայտարարած է, որ Հայաստան Ռուսիայէն չի ստանար այն սպառազինութիւնը, որ պատուիրած է եւ որուն համար վճարած է:
Լրագրողի դիտարկման, թէ Հայաստան անընդհատ կը փոխէ իր քաղաքական ուղղութիւնը, արդեօք ատիկա տարօրինակ չէ՞, Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարը պատասխանած է, որ վերջին տարիներուն աշխարհի վրայ եւ, մասնաւորաբար, շրջանին մէջ անվտանգութեան պատկերը կտրուկ փոխուած է:
«Պայմանագրային պարտաւորութիւնները չեն յարգուիր. մեր անվտանգութեան ամբողջ հայեցակարգը կառուցուած է ասոր վրայ, սակայն տակաւին նորը չկայ: Այս է ճգնաժամը», ըսած է ան` աւելցնելով, որ այդ պարագային պէտք է փնտռել նոր մեքանիզմներ եւ սպառազինութեան մատակարարումներ:
Գրիգորեան ընդգծած է, որ խօսքը քանի մը նման համաձայնագիրներու մասին է:


