Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Քրիսթինա Քվին հանդիպում ունեցած է անհետ կորսուած զինուորներու եւ գերեվարուածներու ընտանիքներու անդամներուն հետ: Այս մասին հաղորդեց Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը:
«Գերեվարուածները պէտք է հայրենադարձուին, իսկ տագնապի երկու կողմերու զոհերուն աճիւնները կարելիութեան պարագային պէտք է վերադարձուին անոնց հարազատներուն», նշուած է դեսպանատան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:


