Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փեսքով. «Դժուար Է Պատկերացնել, Որ Աշխարհի Վրայ Որեւէ Մէկը Լրջօրէն Կը Մտածէ Միջազգային Քրէական Դատարանի Փութինի Դէմ Հրամանը Կիրարկելու Մասին»

May 15, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով քիչ հաւանական կը նկատէ, որ Միջազգային քրէական դատարանի Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը կալանաւորելու որոշումը կը կիրարկուի: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ան այս մասին յայտնած է սերպական «Էյ.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցին մէջ:

«Բայց եւ այնպէս, այստեղ մենք կը խօսինք աշխարհի մեծագոյն երկիրներէն մէկուն, աշխարհի մեծագոյն հիւլէական տէրութիւններէն մէկուն մասին: Դժուար է պատկերացնել, որ ոեւէ մէկը լրջօրէն պիտի մտածէ Ռուսիոյ նախագահին դէմ այս հրամանը կիրարկելու մասին: Դժուար է նոյնիսկ այդ մասին մտածել», ըսած է Քրեմլինի բանբերը:

Փեսքովի համաձայն, Միջազգային քրէական դատարանի Փութինի դէմ հրամանը «գործնականին մէջ կը նշանակէ, որ իսկապէս կան երկիրներ, որոնք ունին գերիշխանութեան շատ ուժեղ պակաս, եւ այդ երկիրները, զուտ տեսականօրէն, կրնան նախանձախնդրութիւն դրսեւորել կարելիութեան պարագային այս հրամանը կատարելու հարցին մէջ»:

Փութինի բանբերը յիշեցուցած է, որ «Ռուսիան Հռոմի իրաւական դրութեան կողմ չէ»:

«Մենք, ինչպէս շատ այլ երկիրներ չեն ճանչնար Միջազգային քրէական դատարանի որոշումները», յայտարարած է ան:

«Այս կացութեան մէջ մենք կը կարծենք, որ այս միջազգային կառոյցը իրականութեան մէջ խամաճիկ է, այսպէս կոչուած, հաւաքական Արեւմուտքի ձեռքին մէջ, որ զայն պարզապէս կ՛օգտագործէ իր նպատակներուն համար` մեր երկրին վրայ ճնշումը աւելի մեծցնելու համար: Պիտի Չյաջողի», ըսած է Փեսքով:

Յիշեցնենք, որ մարտին Լա Հէյի Միջազգային քրէական դատարանը Ռուսիոյ նախագահն ու երեխաներու իրաւունքներու պաշտպան Մարիա Լվովա Պելովան ձերբակալելու միջազգային հրամանագիր արձակած էր: Անոնք կը կասկածուին ուքրանացի երեխաներու Ռուսիա անօրինական տեղափոխման համար:

Նախքան այդ, ՄԱԿ-ի հետաքննչական յանձնախումբը յայտարարած էր, որ ուքրանացի երեխաներու Ռուսիոյ տարածք տեղափոխումը կրնայ զինուորական յանցագործութիւն նկատուիլ:

 

Նախորդը

Քոփիրքին. «Ռուսիան Եռանդուն Կերպով Յառաջ Կը Մղէ Խաղաղութեան Օրակարգը, Յոյսով Ենք Մօտ Օրէն Մոսկուայի Մէջ Հանդիպում Պիտի Ըլլայ»

Յաջորդը

Վրաստանի Ընդդիմութիւնը Իշխանութիւնը Կը Մեղադրէ Երկրի Արտաքին Քաղաքական Ուղղուածութիւնը Փոխելու Յանցանքով

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.