Վրաստանի ընդդիմադիր վեց կուսակցութիւններ միացեալ յայտարարութիւն մը հրապարակած են` իշխանութիւնը մեղադրելով երկրի արտաքին քաղաքական ուղղութիւնը փոխելու յանցանքով: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:
Բաց յայտարարութեան հեղինակներուն կարծիքով, իշխող «Վրացական երազանք»-ը, որ անոնք «Ռուսական երազանք» սկսած են կոչել, հերթական հարուած հասցուցած է Վրաստանի եւրոպական եւ եւրատլանտեան ապագային:
«Միջազգային քրէական օրէնքին կողմէ յանցագործ ճանչցուած եւ ահաբեկչական պետութեան ղեկավար Վլատիմիր Փութինի հրամանագիրով ու Վրաստանի իշխանութիւններուն համաձայնութեամբ կը ծրագրուի յառաջիկայ շաբթուընէ վերականգնել Ռուսիոյ եւ Վրաստանի միջեւ ուղիղ թռիչքային հաղորդակցութիւնը», կը յայտարարեն Վրաստանի ընդդիմադիր կուսակցութիւնները:
Անոնք յայտարարուած տնտեսական նպատակները կեղծ նկատելով կը նշեն, որ «Ռուսական երազանք»-ը սկսած է Վրաստանի արտաքին քաղաքական ուղղութիւնը փոխելու եւ ռուսական մենատիրութիւն հաստատելու վերջին փուլին: