Լիվըրփուլի մէջ երէկ աւարտեցաւ «Եւրատեսիլ-2023» երգի մրցումի երկրորդ կիսաւարտականը: Հայաստանի ներկայացուցիչ Պրիւնեթը հանդէս եկաւ երկրորդ թիւին ներքեւ եւ կատարեց Future Lover երգը:
Քուէարկութեան հիմամբ Հայաստանը եւ 9 այլ երկիրներ ալ իրաւունք ստացան հանդէս գալու աւարտականին, որ տեղի կ՛ունենայ 13 մայիսին:
Այսպիսով, աւարտականին հասած են` Հայաստանը, Ալպանիան, Կիպրոսը, Էսթոնիան, Պելճիքան, Աւստրիան, Լիթուանիան, Լեհաստանը, Աւստրալիան եւ Սլովենիան:
Կիսաւարտական փուլի արգելքը չյաղթահարեցին Վրաստանի, Դանիոյ, Ռումանիոյ, Իսլանտայի, Յունաստանի եւ Սան Մարինոյի ներկայացուցիչները:
Յայտնենք, որ 9 մայիսին տեղի ունեցած էր առաջին կիսաւարտականը, յայտնի դարձած էին աւարտական անցած 10 երկիրներու անուններ:
Ընդհանուր առմամբ` 13 մայիսին տեղի ունենալիք աւարտականին պիտի մասնակցի 26 երկիր` իւրաքանչիւր կիսաւարտականէ 10 մասնակից եւ, այսպէս կոչուած, Մեծ հնգեակի երկիրները (Մեծն Բրիտանիա, Գերմանիա, Սպանիա, Իտալիա եւ Ֆրանսա), ինչպէս նաեւ Ուքրանիան` իբրեւ «Եւրատեսիլ-2022»-ի յաղթող:


