ԱԶԴԱՐԱՐԱԳԻՐ-ԿՈՉՆԱԳԻՐ
Ազնուափա՛յլ
Տիկին Նինա Վալերեվնա Փեթրովա,
Լիբանանի հայոց թեմի Դատաստանական խորհուրդս, ուրբաթ, 5 մայիս 2023 թուականին զբաղեցաւ ձեր ընտանեկան հարցով:
Սոյն ազդարարագիրով ձեզ կը հրաւիրենք Դատաստանական խորհուրդի նիստին, որ տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ, 16 յունիս 2023-ի կէսօրէ ետք ժամը 10:00-ին, Պուրճ Համուտի Ազգային առաջնորդարանին մէջ, պաշտպանելու համար ձեր դատը անձամբ կամ փոխարինող անձի միջոցով:
Չներկայանալու պարագային, ձեր բացակայութիւնը ներկայութեան համազօր պիտի նկատուի եւ արձակուի համապատասխան վճիռ:
ԴԱՏԱՍՏԱՆԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ
—————————————
Ս. ՆԵՐՍԷՍ ՇՆՈՐՀԱԼԻ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ՎԱԽՃԱՆՄԱՆ 850-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ
ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՄԵՐԳ ԵՒ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ
Հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. սրբազնագոյն կաթողիկոսին ու կազմակերպութեամբ կաթողիկոսարանիս «Կիլիկիա» մատենադարանին, Ս. Ներսէս Շնորհալի հայրապետի վախճանման 850-ամեակին նուիրուած միօրեայ գիտաժողով տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ, 26 մայիս 2023-ին, իսկ օր մը առաջ, հինգշաբթի, 25 մայիսի երեկոյեան, մայրավանքիս Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ կաթողիկոսարանիս «Շնորհալի» երգչախումբը հանդէս պիտի գայ սրբազան համերգով: Նշենք, որ Շնորհալի հայրապետին վախճանման 800-ամեակին, երջանկայիշատակ Տ. Տ. Խորէն Ա. կաթողիկոս երգչախումբը կնքեց «Շնորհալի» անունով:
Գիտաժողովին պիտի մասնակցին միաբաններ, դպրեվանքի Ընծայարանի ուսանողներ, լիբանանահայ մտաւորականներ եւ հայկական վարժարաններու հայրենաւանդ ուսուցիչներ: Շնորհալի հայրապետի 850-ամեայ յիշատակը արժանաւորապէս ոգեկոչելու նպատակով միօրեայ գիտաժողովին զեկուցում-ուսումնասիրութիւնները հետագային պիտի հրատարակուին առանձին հատորով:
Կը հրաւիրենք մեր մտաւորականները, որպէսզի Շնորհալի հայրապետի 850-ամեակը արժեւորեն գիտաժողովին մասնակցութեամբ եւ ուսումնասիրական աշխատասիրութեամբ մը:
Յաւելեալ մանրամասնութեանց համար հաճեցէք կապ հաստատել հետեւեալ ե-նամակի հասցէին.- [email protected]:
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ
—————————————
ՍՏԱՑԱՆՔ
Հեղինակ` ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ
Մեսրոպ Մաշտոց մատենաշար 18
Տպարան` «Փոմիկրավիւր»
Այնճար, 2023
—————————————
Ազունիէի Հայ ազգային բուժարանին եղած են հետեւեալ նուիրատուութիւնները 1 ապրիլէն 10 մայիս 2023:
– Լուսին Թորոյեան 50$
– Տէր եւ տիկին Սարգիս եւ Արմիկ Խտըրլարեան (օրուան ճաշին համար) 350$
– Վեր. Նշան եւ տիկին Մարիա Պագալեան (Լենա Եարտըմեանի մահուան յիշատակին) 100$
– Պրն. Յովսէփ Տէմիրճեան 5.000.000 լ. ո.
– Տիկին Թալին Պոսնոյեան 5 քկ մամուլ
– Մանօ, Արփի եւ Ռիթա 40 քկ միս
– Պրն. Եսայի Հաւաթեան սրսկումներ ծառերու համար
ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
ԱԶՈՒՆԻԷԻ ՀԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ԲՈՒԺԱՐԱՆԻ
—————————————
ՊԱՇՏՕՆԵԱՅԻ ԿԱՐԻՔ
Հայ աւետարանական քոլեճը 2023-2024 տարեշրջանին համար կարիք ունի կրթական համադրողի եւ ընդհանուր տեսուչի, ինչպէս նաեւ այլ դասանիւթերու ուսուցիչներու:
Հետաքրքրուողներ իրենց «Սի. Վի.»-ն կրնան ղրկել [email protected] հասցէին:
—————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Հագուստի հաստատութիւն մը կարիքը ունի վաճառող օրիորդներու` իր ցուցասրահին մէջ աշխատելու համար:
Դիմել` հեռ. 03-722343:
—————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Հաստատութիւն մը կարիք ունի հաշուապահուհիի մը: Դիմել` հեռ. 03-412442:
—————————————
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «Գ. ԻՓԷԿԵԱՆ» ԹԱՏԵՐԱԽՈՒՄԲ
ԳԻՒՄՐԻԻ «ՎԱՐԴԱՆ ԱՃԷՄԵԱՆ»-Ի ՊԵՏԱԿԱՆ ԴՐԱՄԱՏԻԿԱԿԱՆ ԹԱՏՐՈՆԸ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԳՈԼԷՃ
ՀԱՐԻՒՐԱՄԵԱԿ
7, 10 ԵՒ 11 ՅՈՒՆԻՍ 2023