Երէկ Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ Սուրիոյ, Թուրքիոյ, Ռուսիոյ եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարներու ժողովը: Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ Մըքտատ ժողովէն առաջ հանդիպում ունեցաւ իր իրանցի պաշտօնակից Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեանի հետ եւ յայտնեց. «Դամասկոս կ՛ուզէ Անգարայի հետ առկախ խնդիրները լուծել, սակայն թրքական ուժերուն մեր հողերէն հեռացումը յարաբերութիւններու բնականոնացման նախապայման է»:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով ժողովի ընթացքին խօսք մը արտասանելով յայտնեց, որ պէտք է աշխատանք տանիլ` «բոլոր սուրիացի գաղթականները իրենց երկիրը վերադարձնելու»:
Ան նշեց, որ պէտք է «մասնաւորաբար պաշտպանութեան նախարարներուն միջեւ նախկին ժողովի ընթացքին մեր ձեռք բերած արդիւնքները ներդրել»` յայտնելով, որ փորձագէտներու պարտականութիւն տրուած է թուրք-սուրիական յարաբերութիւններու բնականոնացման քարտէս մը պատրաստելու, ապա զայն պետութիւններու ղեկավարներուն փոխանցելու:
Ըստ անոր, այս քարտէսը Դամասկոսին եւ Անգարային պիտի արտօնէ «իրենց համար առաջնահերթ եղող հարցերու վերաբերեալ իրենց կեցուածքները յստակօրէն ճշդել», որպէսզի «սուրիական կառավարութիւնը երկրի ամբողջ հողերուն վրայ վերահսկողութիւն հաստատէ եւ ուժեղ կերպով երաշխաւորէ Թուրքիոյ հետ սահմանի անվտանգութիւնը»:
«Կարեւոր է նաեւ նշել վերականգնումը գումակային կապերու, որոնք դրացի երկու երկիրներուն միջեւ խզուեցան, ինչպէս նաեւ առանց արգելքներու տնտեսական գործակցութեան շարունակութիւնը», աւելցուց Լաւրով:
«Բոլորս ալ հետաքրքրուած ենք Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու` իրարհաւասարութեան ու յարգանքի հիմամբ վերականգնումով», ըսաւ ան:
Ռուսական դիւանագիտութեան պետը նաեւ նշեց, որ աշխատանք կը տարուի ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ սերտ համագործակցութեան ուղղութեամբ` աւելցնելով, որ Ռուսիոյ մերժած հարցերուն շարքին է «Սուրիոյ մէջ ամերիկեան բռնագրաւող ուժերու ներկայութիւնը»: Ան Ուաշինկթընը ամբաստանեց Ռաքքայի մէջ ուժեր կազմելու յանցանքով` նշելով, որ այդ ուժերուն հիմը ՏԱՀԵՇ-էն տարրեր են, եւ աւելցնելով, որ պէտք է «վերականգնուի սուրիական բոլոր հողերուն վրայ պետութեան վերահսկողութիւնն ու սահմաններու անվտանգութիւնը երաշխաւորուի»:
Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ Մըքտատ իր կարգին յայտնեց. «Բոլոր ահաբեկչական խմբաւորումները Սուրիոյ, ինչպէս նաեւ միւս երկիրներուն համար վտանգ կը ներկայացնեն»` աւելցնելով. «Մեզի համար հիմնական նպատակը սուրիական հողերուն վրայ ապօրինի զինուորական բոլոր տեսակի ներկայութեան վերջ տալն է, եւ ատիկա անշուշտ կը ներառէ թրքական ուժերը, եւ առանց այս հարցին մէջ յառաջդիմութեան, տեղքայլի մէջ պիտի մնանք եւ որեւէ իսկական արդիւնքի պիտի չհասնինք»:
«Հակառակ անցնող տարիներու ամբողջ ժխտականութեան, ռուս եւ իրանցի բարեկամներու օժանդակութեամբ ու աջակցութեամբ յարմար առիթ կայ միասնաբար աշխատանք տանելու այդ նպատակները եւ շահերը իրագործելու` ի նպաստ երկու ժողովուրդներու ձգտումներուն», ըսաւ Մըքտատ: