Յորդանանի արտաքին գործոց նախարար Այման Սաֆատի յայտարարեց, որ «Սուրիան մօտ օրէն Արաբական Լիկա պիտի վերադառնայ»` նշելով. «Բոլոր արաբական երկիրները ներգրաւուած են սուրիական տագնապին վերջ տալուն, սակայն գործելաոճի շուրջ տարակարծութիւններ կան»:
Յորդանանեան դիւանագիտութեան պետը «Սի.Էն.Էն.»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Բոլորը կը նկատեն, որ քաղաքական հոլովոյթի յաջողութիւնը կը պահանջէ միջազգային ընտանիքի եւ սուրիական կառավարութեան ներգրաւուածութիւնը` լուծելու համար տագնապի մարտահրաւէրները»:
«Սուրիան 22 անդամներէ բաղկացած Արաբական լիկային մէջ բաւարար անդամներու քուէ ունի` իր աթոռին վերատիրանալու համար», ըսաւ Սաֆատի` նշելով. «Լիկա վերադարձը տեղի պիտի ունենայ, եւ ատիկա խորհրդանշական գետնի վրայ կարեւոր պիտի ըլլայ, սակայն ատիկա պարզապէս համեստ սկիզբը պիտի ըլլայ շատ երկար ու դժուար հոլովոյթի մը, որ մարտահրաւէրներ կ՛ընդգրկէ, նկատի ունենալով 12-ամեայ տագնապէն ետք տագնապի բարդութիւնները»:
Ան ըսաւ, որ Սուրիոյ իսկական յառաջդիմութիւն արձանագրելու պատրաստակամութիւնը պիտի նպաստէ վերջաւորութեան արեւմտեան պատժամիջոցներուն վերջ տալու համար ճնշում բանեցնելու նպատակով արաբական վճռորոշ աջակցութիւն ապահովելուն` նշելով, որ պատժամիջոցները մեծածաւալ վերաշինութեան ջանքերուն դիմաց հիմնական արգելք են:
«Միացեալ Նահանգներ կը զօրակցին սուրիական տագնապի լուծումի մը, որ համահունչ է Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 2254 որոշումին», յայտնեց Սաֆատի` շեշտելով. «Սուրիոյ դէմ հաստատուած արեւմտեան պատժամիջոցներու գոյութեան լոյսին տակ` պէտք է նախանձախնդիր ըլլալ, որ միջազգային ընտանիքը ներգրաւուած մնայ սուրիական տագնապի լուծման մէջ»:


